Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 փետրուար
«Աշխարհի տարածքին մարդիկ Յիսուսի մօր՝ Մարիամի նկատմամբ տարբեր տեսակէտներ ունին։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Մարիամ պատմութեան մէջ անզուգական դեր մը ունեցաւ։ [Կարդա՛ Ղուկաս 1։30-32–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ Մարիամի օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ»։
February
«Շատեր կը հաւատան, թէ մեր ճակատագիրը արդէն որոշուած է։ Ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս համարին համաձայն, ընտրութիւն մը ունինք։ [Կարդա՛ Բ. Օրինաց 30։19–ն։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ նախասահմանութեան մասին»։ Ներկայացուր էջ 12–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 մարտ
«Կը խորհի՞ս թէ բոլոր կրօնքներն ալ Աստուծոյ ընդունելի են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ ասոր շուրջ Յիսուսի դիտողութիւնը։ [Կարդա՛ Մատթէոս 15։8, 9–ն։] Այս յօդուածը կը քննարկէ, թէ Աստուած ամէն տեսակ պաշտամունք կ’ընդունի՛ կամ ոչ»։ Էջ 9–ի վրայ գտնուող յօդուածը ներկայացուր։
March
«Ներկայիս շատեր դրամի նկատմամբ մտահոգ են, մանաւանդ այս տնտեսական դժուար ժամանակներուն։ Ասոր կը համաձայնի՞ս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատէ սա հաւասարակշռուած խրատը։ [Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։8, 10–ը։] Այս պարբերաթերթը կարգ մը աստուածաշնչական սկզբունքներ կ’ուրուագծէ, մեզի օգնելու որ մեր եկամուտը գործածենք այնպիսի կերպով մը, որ մտքի խաղաղութիւն կը բերէ»։