Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 ապրիլ
«Երբ անհատներէ խնդրուի, որ պատմութեան մէջ ամէնէն հեղինակաւոր անհատին անունը տան, շատեր Յիսուսը կը նշեն։ Դուն ալ զինք կ’ընտրե՞ս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ ինչո՛ւ պէտք է ջանանք իր մասին եղած հակասական կարծիքները հետազօտել, ճշմարտութիւնը գիտնալու համար։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 17։3–ը։] Դիտարան–ի այս բացառիկ թիւը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը Յիսուսի եւ իր ուսուցումներուն մասին իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ»։
Դիտարան 1 մայիս
«Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը կը նկատե՞ս, թէ ոչ կը խորհիս թէ անիկա միմիայն լաւ գիրք մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ինքնին ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ն։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս այս հարցին շուրջ իրազեկ որոշում մը կայացնել եւ ասիկա ընելը ինչո՛ւ կարեւոր է»։