Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 մարտ
«Կը խորհի՞ս թէ բոլոր կրօնքներն ալ Աստուծոյ ընդունելի են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ ասոր շուրջ Յիսուսի դիտողութիւնը։ [Կարդա՛ Մատթէոս 15։8, 9–ն։] Այս յօդուածը կը քննարկէ, թէ Աստուած ամէն տեսակ պաշտամունք կ’ընդունի՛ կամ ոչ»։ Էջ 9–ի վրայ գտնուող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 ապրիլ
«Կը խորհի՞ս որ կեանքի մէջ ամէն իրադարձութիւն առաջուընէ որոշուած է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ասոր մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Ժողովող 9։11–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, որ Աստուած երկրին համար պայծառ ապագայ մը նախասահմանած է, բայց իւրաքանչիւրիս թոյլ կու տայ որ ընտրե՛նք մեր կեանքի ընթացքը»։