Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 օգոստոս
«Կը խորհի՞ս թէ կարելի է այս տագնապալից ժամանակներուն ներքին խաղաղութիւն ունենալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի մէջ ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛։] Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուծոյ տուած խաղաղութիւնը վայելել»։ Էջ 10–ի վրայ սկսող յօդուածը աչքառու դարձուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 սեպտեմբեր
«Ոմանք կ’ըսեն թէ բոլոր կրօնքները նոյն Աստուծոյն տանող տարբեր ճամբաներ են։ Կը խորհի՞ս թէ բոլոր կրօնքներն ալ լաւ են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Մատթէոս 7։13, 14–ը։] Այս պարբերաթերթը կը նշէ երեք մասնայատուկ բաներ, զորս լաւ կրօնքը պէտք է քաջալերէ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ»։