Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 մարտ
«Շատեր կը յուսան, որ մահուընէ ետք երկինք երթան։ Այդ հեռանկարը քեզ կը հետաքրքրէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ բարի մարդոց մեծամասնութեան վարձատրութեան մասին։ [Կարդա՛ Սաղմոս 37։29–ն։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ երկինք գացողներուն եւ անոնց գործունէութեան մասին»։
Դիտարան 1 ապրիլ
«Երբ անհատներէ խնդրուի, որ պատմութեան մէջ ամէնէն հեղինակաւոր անհատին անունը տան, շատեր Յիսուսը կը նշեն։ Դուն ալ զինք կ’ընտրե՞ս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ ինչո՛ւ պէտք է ջանանք իր մասին եղած հակասական կարծիքները հետազօտել, ճշմարտութիւնը գիտնալու համար։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 17։3–ը։] Դիտարան–ի այս բացառիկ թիւը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը Յիսուսի եւ իր ուսուցումներուն մասին իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ»։