Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 մայիս
«Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը կը նկատե՞ս, թէ ոչ կը խորհիս թէ անիկա միմիայն լաւ գիրք մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ինքնին ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ն։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս այս հարցին շուրջ իրազեկ որոշում մը կայացնել եւ ասիկա ընելը ինչո՛ւ կարեւոր է»։
Դիտարան 1 յունիս
«Բնաւ հարց տուա՞ծ ես, թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատէ թէ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը ինչպէ՛ս արտայայտեց հարց մը, որ շատերու կողմէ յարուցուած է։ [Կարդա՛ Սաղմոս 10։1–ը։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչին հիման վրայ կը քննարկէ, թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ եւ ամոքում բերելու համար ի՛նչ կ’ընէ»։