Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 2010–ի ծառայութեան տարուան առաջին հինգ ամիսներուն իւրաքանչիւրին մէջ, ունեցանք աւելի քան 125,000 կանոնաւոր ռահվիրաներ։ Բացայայտ է թէ Եհովա կ’օրհնէ անոնց ծանր աշխատանքը, որոնք իրենց կորովը կը գործածեն՝ զինք պատուելու եւ փառաւորելու (Յայտ. 4։10)։ Նաեւ, Թըրքս եւ Գայգըս Կղզիները յունուար ամսուան ընթացքին լաւ յաւելումներ արձանագրեցին՝ ժամերուն, վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն մէջ, եւ 12 հոգի մկրտուեցան։