Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ անոնք որոնք Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, կեդրոնացէք Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը բաշխելու վրայ, նպատակ ունենալով՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, հրատարակիչները կրնան ներկայացնել 1992–էն առաջ լոյս տեսած որեւէ 192–էջնոց գիրք։ Յուլիս. Որեւէ 32–էջնոց գրքոյկ, զոր ժողովքը ունի։ Եթէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկը մատչելի է, զայն ներկայացուցէք։ Օգոստոս. Որեւէ 32–էջնոց գրքոյկ, զոր ժողովքը ունի։ Եթէ Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը մատչելի է, զայն ներկայացուցէք։