Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 մարտ
«Կը խորհի՞ս որ իրապէս կարելի է գիտնալ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ բնոյթը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս նիւթին շուրջ հետաքրքրական բան մը ունիմ»։ Էջ 12–ի վրայ գտնուող երկրորդ հարցումին պատասխանը եւ նշուած համար մը կարդա՛ ու քննարկէ՛։ Պարբերաթերթը առաջարկէ՛, եւ կարգադրէ վերադառնալ՝ երրորդ հարցումին պատասխանը քննարկելու համար։
Դիտարան 1 ապրիլ
«Եհովայի վկաները իրենց քարոզչութեամբ հանրածանօթ են։ Երբեք հարց տուա՞ծ ես թէ ինչո՛ւ այս գործը կ’ընենք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Սա բացատրութիւնը նկատէ։ [Կարդա՛ Մատթէոս 24։14։] Այս պարբերաթերթը կը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն. ի՞նչ է այս աւետարանը։ Ի՞նչ է Արքայութիւնը։ Եւ ի՞նչ է գալիք վերջը»։