Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/12 էջ 6
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 3/12 էջ 6

Ներկայացումի նմոյշներ

Ապրիլ ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար

«Շատեր Յիսուսի ծնունդը կը տօնեն, բայց կը խորհի՞ք թէ Յիսուսի մահը յիշելը կարեւոր է»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա, տանտիրոջ տուր Դիտարան–ի 1 ապրիլ թիւը, ու միասնաբար նկատի առէք էջ 8–ի վրայ նշուած առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ համար։ Վերադառնալու կարգադրութիւն մը ըրէ՝ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար։

Դիտարան 1 ապրիլ

«Տարբեր հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ ունեցող շատ մը եկեղեցիներ ու յարանուանութիւններ կան։ Կը խորհի՞ք որ ամէն ով որ քրիստոնեայ ըլլալ կը դաւանի, ի՛րապէս քրիստոնեայ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ըստ Յիսուսին, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն ինքնութիւնը հաստատող մէկ նշանը սա՛ է։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Յիսուսի խօսքերէն չորս հատը, որոնք մեզի կ’օգնեն իր ճշմարիտ հետեւորդները բնորոշելու»։

Զարթի՛ր ապրիլ

«Մենք եկած ենք ընտանիքներու մասին խօսելու։ Կը համաձայնի՞ք որ ընտանիքները բազմաթիւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն այսօր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նշմարեցէք թէ ընտանիքներէն շատեր ո՛ւր գտած են գործնական խրատներ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 119։105։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ թէ խորթ ընտանիքներ ինչպէ՛ս կրցած են գլուխ ելլել իրենց յատուկ մարտահրաւէրներուն հետ՝ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւելով»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել