Ներկայացումի նմոյշներ
Նոյեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Վստահ եմ որ հետս պիտի համաձայնիք թէ կեանքը շատ կարճ կը թուի։ Կը կարծէ՞ք թէ օրին մէկը պիտի կարենանք հիւանդութիւնները արմատախիլ ընել եւ մեր կեանքի տեւողութիւնը երկարել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Տեսէք թէ հոս ի՛նչ կ’ըսէ»։ Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր թիւը տանտիրոջ տուր, ու միասնաբար նկատի առէք էջ 8–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ նշուած համարը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար՝ վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։
Դիտարան 1 նոյեմբեր
«Շատեր մտահոգուած են այն մասին, թէ փտածութիւնը կը շատնայ առեւտուրի եւ կառավարութիւններու մէջ։ Կը խորհի՞ք թէ կարելի է որեւէ բան ընել՝ այս խնդրին համար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նշմարեցէք թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ՝ փտածութեան զոհ դարձած անհատներուն համար։ [Կարդա՛ Սաղմոս 72։12-14։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ, թէ փտածութիւնը ինչպէ՛ս շուտով վերջ պիտի գտնէ»։
Զարթի՛ր նոյեմբեր
«Մենք եկած ենք ընտանիքներու մասին խօսելու։ Միածնող ընտանիքները շատցած են։ Ի՞նչ կը կարծէք. անոնք աւելի՞ խնդիրներ կ’ունենան, քան այն ընտանիքները որոնք երկու ծնող ունին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատ մը ծնողներ գործնական խրատներ գտած են Աստուածաշունչին մէջ։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16։] Այս պարբերաթերթը կարգ մը թելադրութիւններ կու տայ միածնողներուն օգնելու, որ իրենց պատասխանատու դերը յաջողութեամբ կատարեն»։