Ներկայացումի նմոյշներ
Օգոստոս ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Շատեր Տէրունական աղօթքին սա խօսքերը կրկնած են. ‘Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’։ Քու կարծիքովդ՝ այդ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի հետեւեալ համարը մեզի կ’օգնէ գիտնալու»։ Կարդա՛ Դանիէլ 2։44։ Ապա տանտիրոջ տուր Դիտարան–ի 1 օգոստոս թիւը, եւ միասնաբար կարդացէք ու քննարկեցէք էջ 28–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը։ Պարբերաթերթը առաջարկէ եւ կարգադրէ վերայցելել, որպէսզի յաջորդ հարցումին պատասխանը նկատի առնես։
Դիտարան 1 օգոստոս
«Քանի որ կեանքը կարճ է եւ խնդիրներով լեցուն, շատե՜ր հարց կու տան կեանքի իմաստին մասին։ Այս նիւթին շուրջ երբեք մտածա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը խոստանայ, թէ կեանքը միշտ այսպէս պիտի չըլլայ։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4։] Այս պարբերաթերթը երկրագունդի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը կը քննարկէ եւ կը թուէ կարգ մը բաներ, զորս կրնանք ընել, որպէսզի մեր կեանքը իսկական իմաստ ունենայ, նո՛յնիսկ հիմա»։