Ներկայացումի նմոյշներ
Յուլիս ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
Կարդա՛ Եսայի 42։8, եւ ապա ըսէ. «Ըստ այս համարին, Աստուած անուն մը ունի։ Կը խորհի՞ք թէ կարեւոր է Աստուծոյ անունը գործածել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ ասիկա ի՛նչ կ’ըսէ»։ Տանտիրոջ տուր Դիտարան–ի 1 յուլիս թիւը, ու միասնաբար նկատի առէք էջ 16–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ վերադառնալու կարգադրութիւն մը ըրէ՝ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար։
Դիտարան 1 յուլիս
«Կը փափաքիմ ձեր կարծիքը գիտնալ կարեւոր նիւթի մը շուրջ։ [Բաց էջ 3 եւ ցոյց տուր ցանկը։] Ասոնցմէ ո՞րը լաւագոյնս կը նկարագրէ Աստուածաշունչին հանդէպ ձեր ունեցած տեսակէտը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ինքնիր մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ հինգ պատճառներ թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչը յատուկ գիրք մըն է, եւ ցոյց կու տայ թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգտել»։
Զարթի՛ր յուլիս
«Եթէ կարողութիւն ունենայիք, ներկայ աշխարհին առնչութեամբ ի՞նչ բան կը փոխէիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ մարդոց իրագործումները սահմանափակ են։ [կարդա՛ Երեմիա 10։23]։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչ բաներ որոշած է փոխել»։