Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 ապրիլ
«Յիսուսի մասին հակասական կարծիքներ կան։ Զինք Աստուծոյ որդի կը նկատե՞ս, թէ ոչ՝ պարզապէս բարի մարդ մը»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա միասնաբար կարդացէ՛ք էջ 20-21–ի վրայ գտնուող հարցումներէն մէկուն պատասխանը եւ նշուած համար մը։ Պարբերաթերթը առաջարկէ եւ վերայցելութիւն հաստատէ՝ յաջորդ հարցումին պատասխանը նկատի առնելու համար։
Դիտարան 1 մայիս
«Շատեր Յիսուսի նկատմամբ զանազան հաւատալիքներ ունին։ Ըստ քեզի, իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը կարեւո՞ր է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ. ապա կարդա՛ Յովհաննէս 17։3։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Յիսուսի մասին,– ան ուրկէ՛ եկաւ, ինչպէ՛ս ապրեցաւ եւ ինչո՛ւ մեռաւ»։