Ներկայացումի նմոյշներ
Մայիս ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Մկրտութիւնը սովորական երեւոյթ է։ Ի՞նչ կը խորհիք. մկրտութիւնը կարեւո՞ր է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը հետաքրքրական կէտեր կը նշէ»։ Տանտիրոջ տուր Դիտարան–ի 1 մայիս թիւը, ու միասնաբար նկատի առէք էջ 12–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ նշուած համար։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ վերադառնալու կարգադրութիւն մը ըրէ՝ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար։
Դիտարան 1 մայիս
«Տարբեր հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ ունեցող շատ մը եկեղեցիներ ու յարանուանութիւններ կան։ Կը խորհի՞ք որ ամէն ով որ քրիստոնեայ ըլլալ կը դաւանի, ի՛րապէս քրիստոնեայ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ըստ Յիսուսին, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն ինքնութիւնը հաստատող մէկ նշանը սա՛ է։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35։] Կը փափաքիմ ձեզի վերայցելել՝ պարբերաթերթ մը բերելով, որ կը քննարկէ Յիսուսի խօսքերէն հինգ հատը, որոնք մեզի կ’օգնեն իր ճշմարիտ հետեւորդները բնորոշելու»։
Զարթի՛ր մայիս
«Շատեր՝ որոնց հետ կը խօսինք, անարդարացի վերաբերմունք ստացած են։ Կը խորհի՞ք թէ լուծում մը կայ անարդարութեան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նշմարեցէք հետեւեալ մարգարէութիւնը կառավարիչի մը մասին, որ անարդարութեան վերջ պիտի դնէ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 72։11-14։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Աստուածաշունչի խոստումը, թէ ապագային արդարութիւնը պիտի տիրէ»։