Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/12 էջ 4
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 5/12 էջ 4

Ներկայացումի նմոյշներ

Յունիս ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար

«Ըստ ձեզի, կրօնքը յառաջ կը մղէ սէր ու խաղաղութի՞ւն, թէ ոչ ատելութիւն ու բռնութիւն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թոյլ տուէք որ այս նիւթին շուրջ հետաքրքրական բան մը ձեզի ցոյց տամ»։ Տանտիրոջ տուր Դիտարան–ի 1 յունիս թիւը, ու միասնաբար նկատի առէք էջ 26–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ նշուած համար։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ վերադառնալու կարգադրութիւն մը ըրէ՝ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար։

Դիտարան 1 յունիս

«Շատեր կը խորհին թէ լաւ է որ կրօնքը քաղաքականութեան միջամուխ ըլլայ. մինչդեռ ուրիշներ կը խորհին թէ կրօնքը եւ քաղաքականութիւնը իրարու հետ պէտք չէ խառնուին։ Ձեր կարծիքը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Յիսուս ինչպէ՛ս հակազդեց, երբ մարդիկ ուզեցին զինք միջամուխ ընել իր օրուան քաղաքականութեան։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 6։15։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ Յիսուս ինչո՛ւ այսպէս հակազդեց եւ կը քննարկէ այն լաւագոյն կերպը, որով քրիստոնեաները կրնան իրենց համայնքներուն օգնել»։

Զարթի՛ր յունիս

«Ամէն տարի, աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ կը հիւանդանան՝ անապահով կերակուր ուտելով։ Ձեր կարծիքով, մեր շրջանին մէջ, ուտելիքը որքանո՞վ ապահով է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ չորս կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր ընտանիքը պաշտպանել այն հիւանդութիւններէն՝ որոնք ուտելիքով կը փոխանցուին։ Ատիկա նաեւ կը քննարկէ Աստուածաշունչի խոստումը, թէ շուտով ամէն մարդ առատ եւ ապահով ուտելիք պիտի վայելէ»։ Կարդա՛ Սաղմոս 104։14, 15։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել