Ներկայացումի նմոյշներ
Յունիս ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Արդեօք երբեք հարց տուա՞ծ ես թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Կը փափաքիմ այս նիւթին շուրջ հետաքրքրական բան մը քեզի ցոյց տալ»։ Դիտարան–ի 1 յունիս թիւին 12–րդ էջի առաջին ենթավերնագրի տեղեկութիւնները միասնաբար կարդացէք, ինչպէս նաեւ՝ նշուած համար մը։ Պարբերաթերթը առաջարկէ, եւ կարգադրէ վերադառնալ՝ յաջորդ հարցումին պատասխանը նկատի առնելու համար։
Դիտարան 1 յունիս
Կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11–ը։ Ապա ըսէ՛. «Կը խորհի՞ս թէ մօտ օրէն պիտի տեսնենք այս խոստումին կատարումը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած վեց մարգարէութիւններ, որոնք այժմ կը կատարուին, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ այս խոստումին կատարումը հեռու ապագային չէ»։