Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
May
«Ոմանք կը խորհին թէ ներկայ աշխարհին մէջ յաջողելու համար, յարձակողական պէտք է ըլլաս։ Միւս կողմէ, նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ յանձնարարեց։ [Կարդա՛ Մատթէոս 5։5, 9–ն։] Այս կէտին շուրջ համաձա՞յն ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը խաղաղասէր ըլլալու երեք օգուտներ աչքառու կը դարձնէ»։ Ուշադրութեան յանձնէ էջ 28–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունիս 1
«Այս ներշնչեալ համարին մէջ նկարագրուած վիճակներուն ներքեւ ապրիլը քեզի հաճելի կը թուի՞։ [Կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։13–ը, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը նկարագրէ թէ կեանքը ի՛նչպէս տարբեր պիտի ըլլայ, երբ Աստուած երկրի նկատմամբ իր նպատակը իրագործէ»։
June
«Ահաբեկչութիւնը նորութիւն մը չէ, բայց ներկայիս համաշխարհային երեւոյթ մը դարձած է եւ գրեթէ բոլորիս կեանքին կ’ազդէ։ Ինչո՞ւ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը Աստուածաշունչէն ցոյց կու տայ թէ ահաբեկչութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէ եւ Աստուած ի՛նչպէս երկրի վրայ իսկական խաղաղութիւն պիտի բերէ»։ Կարդա՛ Միքիայ 4։4–ը։