Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մայիս. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, ներկայացուցէք Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Երբ կը վերայցելէք հետաքրքրուած անհատներու,– ներառեալ՝ անոնց որոնք Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ եղան՝ բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր,– ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Յունիս. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը չ’ընդունիր, հրատարակիչները կրնան անհատը հետաքրքրող հին պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել։ Յուլիս եւ օգոստոս. Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ կամ Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ինչպէ՞ս կրնաք գտնել զայն գրքոյկը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Սեպտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։