Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/12 էջ 8
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 12/12 էջ 8

Ներկայացումի նմոյշներ

Յունուար ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար

«Կ’ուզենք ձեր կարծիքը առնել։ Ի՞նչ է Աստուծոյ անձնական անունը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նայեցէք թէ հոս ի՛նչ գրուած է»։ Տանտիրոջ Դիտարան–ի 1 յունուար թիւը տուր, ետեւի կողքին յօդուածը ցուցուր, եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն՝ համարներէն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։

Դիտարան 1 յունուար

«Շատեր այսօր աշխարհի վերջին մասին կը խօսին։ Կը խորհի՞ք թէ աշխարհի վերջէն պէտք է վախնանք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ըստ այս համարին, վերապրողներ պիտի ըլլան։ [Կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։17։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչին պատասխանները կու տայ չորս հարցումներու, որոնք շատեր կը հարցնեն աշխարհի վերջին մասին»։

Զարթի՛ր յունուար

«Մենք կ’ուզենք ընտանիքներուն օգտակար տեղեկութիւն տալ։ Ի՞նչ կը կարծէք. կարեւո՞ր է որ ընտանիքները Յիսուսի այս խօսքերուն հետեւին։ [Կարդա՛ Գործք 20։35բ, եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կարծես թէ շատեր միայն իրենց անձին շահը կը փնտռեն։ Եւ այս պատճառով, շատ դժուար կ’ըլլայ մեր զաւակներուն սորվեցնել անձնասէր չըլլալ։ Այս յօդուածը ցոյց կու տայ չորս գործնական կերպեր, որոնցմով ծնողները կրնան իրենց զաւակները դաստիարակել, որ ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլան»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել