Ներկայացումի նմոյշներ
Յունուար ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Վստահ եմ որ պիտի համաձայնիք, թէ ամէն մարդ բարեկամներու պէտք ունի։ Ո՞ր յատկութիւնը բարեկամի մը քով մեծապէս կ’արժեւորէք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ այս պարբերաթերթը ի՛նչ կ’ըսէ բարեկամները ինչո՛ւ ուշադրութեամբ ընտրելու մասին»։ Դիտարան–ի 1 յունուար թիւէն օրինակ մը տանտիրոջ տուր, եւ էջ 8–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ նշուած համար միասնաբար նկատի առէք։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերայցելութիւն մը հաստատէ։
Դիտարան 1 յունուար
«Երբեք հարց տուա՞ծ էք թէ վերջերս ինչո՛ւ բազմաթիւ բնական աղէտներ եղած են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչը նախագուշակեց ժամանակի մը մասին, որ աղէտներով պիտի յատկանշուէր։ [Կարդա՛ Մատթէոս 24։7, 8։] Այս պարբերաթերթը հետեւեալ հարցումներուն կը պատասխանէ. ներկայիս ինչո՞ւ բազմաթիւ բնական աղէտներ կը տեսնենք։ Ատոնք Աստուծմէ պատի՞ժ են։ Ի՞նչ պատճառներ կան հաւատալու թէ Աստուած շուտով բոլոր բնական աղէտներուն վերջ պիտի դնէ»։
Զարթի՛ր յունուար
«Կաշառակերութիւնը, դրամաշորթութիւնը եւ անպարկեշտութեան տարբեր ձեւերը առեւտրական աշխարհին մէջ շատ սովորական դարձած են։ Ոմանք կը խորհին, թէ յաջողակ ըլլալու համար, առեւտուրին մէջ քիչ մը անպարկեշտ ըլլալը անհրաժեշտ է։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք այս միտք–գրգռող առակը։ [կարդա՛ Առակաց 20։17։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ պարկեշտ ըլլալը ինչո՛ւ գործնական է»։