Ներկայացումի նմոյշներ
Դիտարան 1 յունուար
«Չէ՞ք կարծեր թէ աշխարհը աւելի լաւ վայր մը պիտի ըլլար եթէ ամէն անհատ այս սկզբունքը կիրարկէր։ [Կարդա՛ Եբրայեցիս 13։18, եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ամէն բանի մէջ աղէկ վարմունք ունենանք, այսինքն՝ պարկեշտ ըլլանք։ Դիտարան–ի այս ամսուան թիւը կը քննարկէ թէ պարկեշտութիւնը ինչպէ՛ս մեր կեանքին իւրաքանչիւր երեսակին կ’ազդէ»։
Զարթի՛ր յունուար
«Ես եկած եմ ձեզի Զարթի՛ր–ի այս ամսուան թիւը տալու։ [Պարբերաթերթերը տանտիրոջ տո՛ւր։] Նկատեցէք էջ 2–ին վրայ գտնուող հարցումը եւ կարգ մը սովորական պատասխաններ։ Ձեր կարծիքը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը կը քննարկէ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած կարգ մը սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել կեանքի հանդէպ մեր տեսակէտը բարելաւելու»։