Ներկայացումի նմոյշներ
Դիտարան 1 մայիս
«Եթէ կարողութիւնը ունենայիք աշխարհի խնդիրներէն մէկը լուծելու, ո՞ր խնդիրը կը լուծէիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած շուտով այդ խնդրին եւ ուրիշ խնդիրներու վերջ պիտի դնէ։ [Կարդա՛ կիրարկուելիք համար մը, ինչպէս՝ Դանիէլ 2։44, Առակաց 2։21, 22, Մատթէոս 7։21-23 կամ Բ. Պետրոս 3։7։] Դիտարան–ի այս թիւը կը բացատրէ թէ Աստուած ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս այս փոփոխութիւնները պիտի ընէ»։
Զարթի՛ր մայիս
«Կը կարծէ՞ք թէ օր մը պիտի կարենանք ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ հանգստաւէտ տուներ պիտի ունենան եւ աղքատութենէ պիտի չտառապին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հաճիք նկատեցէք թէ ասոր նկատմամբ Աստուած մարդոց ի՛նչ խոստացած է։ [Կարդա՛ Եսայի 65։21, 22։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը քննարկէ, թէ Աստուած մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակները ինչպէ՛ս պիտի իրագործէ եւ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք անոր մէջ բաժին բերել»։