Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Dec. 22
«Բոլորս կը փափաքինք որ մեր զաւակները երջանիկ ու յաջող կեանք մը վարեն։ Ըստ ձեր կարծիքին, ներկայ ճնշիչ աշխարհին հետ գլուխ ելլելու համար, երախաները գլխաւորաբար ի՞նչ բանի կարիքը ունին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Առակաց 22։6–ը։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը քննարկէ թէ երախաները ի՛նչ բանի կարիքը ունին եւ ծնողները ի՛նչպէս կրնան անոր գոհացում տալ»։
Դիտարան Յունուար 1
«Շատեր երկրի վրայ խաղաղութեան կը տենչան։ Կը խորհի՞ք թէ օր մը հետեւեալ խօսքերուն կատարումը պիտի տեսնենք։ [Կարդացէք Սաղմոս 46։9. ապա թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Դիտարան–ի այս թիւը կը քննարկէ թէ ասիկա ի՛նչպէս պիտի իրագործուի եւ ինչո՛ւ կրնանք պատերազմէ զերծ աշխարհի մը մասին Աստուծոյ տուած խոստումին վստահիլ»։
Jan. 8
«Համայն աշխարհի մէջ, միլիոնաւոր անհատներ տրամադրութեան խանգարումներէ կը տառապին, ինչպէս՝ ընկճուածութիւնը։ Մեր Ստեղծիչը խորապէս հետաքրքրուած է այսպիսի անհատներով։ [Կարդացէք Սաղմոս 34։18] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչպէս կարելի է տառապեալներուն օգնել։ Անիկա նաեւ կը մատնանշէ Աստուածաշունչի այն խոստումը, թէ շուտով բոլոր հիւանդութիւնները պիտի չքացուին»։