Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Dec.
«Ոգելից ըմպելիներու գործածութեան շուրջ կրօնական հակասական կարծիքներ կան։ Քու կարծիքով, Աստուած անոնց գործածութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թէեւ Յիսուսի առաջին հրաշքն էր՝ ջուրը գինիի վերածել, բայց Աստուածաշունչը նաեւ սա զգուշացումը կու տայ։ [Կարդա՛ Առակաց 20։1–ը։] Այս յօդուածը կը բացատրէ հարցին շուրջ Աստուածաշունչի հաւասարակշռուած տեսակէտը»։ Ուշադրութեան յանձնէ էջ 18–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունուար 1
«Կը խորհի՞ս թէ անհատի մը յաջողութիւնը իր ունեցած հարստութեամբ կը չափուի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10–ն։] Թէեւ Աստուածաշունչը դրամ ունենալը չի դատապարտեր, բայց ցոյց կու տայ թէ իսկական յաջողութիւնը հարստութենէն կախեալ չէ։ Այս պարբերաթերթը այս կէտը կը բացատրէ»։
Jan.
«Կը խորհի՞ս թէ օրին մէկը ասիկա պիտի իրագործուի։ [Կարդա՛ Եսայեայ 33։24–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ բժշկագիտութիւնը ի՛նչ կ’իրագործէ եւ Աստուածաշունչի խոստումը ի՛նչպէս պիտի կատարուի»։