Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Dec.
«Կը խորհի՞ս թէ մեր սիրելի ննջեցեալները դարձեալ պիտի ապրին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մահուընէ ազատուելու կերպ մը կայ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 68։20–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ մահէն պէտք չէ վախնանք որպէս կեանքին վերջնական վախճանը»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունուար 1
«Ծնունդի շրջանին, շատեր կը ջանան ազնուութիւն ու կարեկցութիւն ցուցաբերել։ Կը խորհի՞ս որ աշխարհ աւելի լաւ վայր մը կրնայ ըլլալ, եթէ մարդիկ ամբողջ տարուան ընթացքին կարեկցութիւն ցուցաբերեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ կարեկցութեան արժէքը եւ կը նշէ զայն ցուցաբերելու կարգ մը գործնական կերպերը»։
Jan.
«Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, կիներ խտրականութեան ու բռնութեան զոհ գացած են։ Քու կարծիքով, ինչո՞ւ պարագան այսպէս եղած է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ամուսիններուն ի՛նչ ցուցմունքներ կու տայ, իրենց կիներուն հետ ի՛նչպէս վարուելու մասին։ [Կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։7–ն։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչէն ցոյց կու տայ՝ կիներուն հանդէպ Աստուծոյ ու Քրիստոսի տեսակէտը»։