Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Dec. 22
«Շուրջ 85 տարի առաջ, համաճարակ մը 24 շաբթուան մէջ շատ աւելի մարդ մեռցուց, քան՝ ԷՅՏԾ–ը 24 տարուան մէջ։ Ոմանք զայն կը կոչեն պատմութեան ամենագէշ պատուհասը։ Սպանական հարբուխին մասին լսա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ նման բան մը կրնա՞յ դարձեալ պատահիլ, եւ յոյսի պատճառ ալ կը ներկայացնէ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 33։24–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունուար 1
«Թէեւ մարդ արարածը բարի բաներ ընելու կարողութիւն ունի, բայց յաճախ ահռելի չարիքներ կը գործէ։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ ինչո՛ւ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին պատասխանը, եւ կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս բարին ի վերջոյ պիտի յաղթէ չարին»։ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 16։20–ը։
Jan.
«Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ ասկէ 20 կամ 30 տարի ետք աշխարհը ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 119։105–ը։] Աստուածաշունչը ապագային վրայ լոյս կը սփռէ, այնպէս որ կրնանք զատորոշել թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ։ Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ մարգարէութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք եւ ինչո՛ւ փայլուն ապագայ մը կրնանք ակնկալել»։