Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
Dec. 22
«Նկատա՞ծ ես որ ընկերութիւնը հետզհետէ աւելի շեշտ կը դնէ մարդոց դրսերեւոյթին վրայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը ֆիզիքական գեղեցկութեան չափազանց կարեւորութիւն տալուն կարգ մը վտանգները կը բացատրէ։ Անիկա նաեւ ուշադրութեան կը յանձնէ գեղեցկութիւն մը, որ շատ մեծ արժէք ունի»։ Կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։3, 4–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունուար 1
«Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ թէ մարդիկ պէտք է սիրեն իրենց դրացին։ [Կարդա՛ Մատթէոս 22։39–ն։] Ուստի ինչո՞ւ կրօնքը մատ ունի աշխարհի պատերազմներուն ու կռիւներուն մէջ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Դիտարան–ի այս թիւը կը քննարկէ սա հարցումը. Կրօնքը կրնա՞յ մարդկութիւնը միացնել»։
Jan. 8
«Այս հարցումին ի՞նչպէս կը պատասխանես։ [Կողքին վրայ եղող հարցումը կարդա՛։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Երկրագունդի հարստութիւնը կամ աղբիւրները չափազանց կը նուազին։ Այսուհանդերձ, նկատի առ հետեւեալ սրտապնդիչ խոստումը։ [Կարդա՛ Սաղմոս 104։5–ը։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը բացատրէ թէ մեր մոլորակը ի՛նչպէս մօտ ատենէն բոլորովին պիտի ապաքինի»։