Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/13 էջ 8
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 12/13 էջ 8

Ներկայացումի նմոյշներ

Յունուար ամսուան առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար

«Մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուծոյ մասին իր անձնական կարծիքը ունի։ Ոմանք կը խորհին թէ Աստուած խորհրդաւոր ոյժ մըն է։ Ուրիշներ զինք կը պատկերացնեն որպէս սիրառատ երկնաւոր հայր մը։ Դո՛ւք ինչպէս կ’երեւակայէք Աստուած»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 յունուար թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթն ու նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։

Դիտարան 1 յունուար

«Մենք կարճ այցելութիւններ կ’ընենք, խօսելու համար բանի մը մասին որ բոլորիս կ’ազդէ. սիրելիի մը մահը։ Մեզի հետ կը համաձայնի՞ք, թէ սիրելի բարեկամ կամ ազգական մը կորսնցնելը դիմագրաւելիք ամէնէն դժուար պարագաներէն մէկն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր այս համարը մխիթարական գտած են։ [Կարդա՛ Եսայի 25։8։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Աստուածաշունչին քաջալերական խոստումը, թէ մահը վերջ պիտի գտնէ եւ մեր սիրելիները ետ կեանքի պիտի բերուին»։

Զարթի՛ր յունուար

«Կը համաձայնի՞ք թէ ներկայիս ընտանիքներ շատ մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչին այս առակը կ’ըսէ թէ ինչ բան պիտի օգնէ ընտանիքներուն, որ իրենք զիրենք շինեն ու զօրացնեն։ [Կարդա՛ Առակաց 24։3։] Շատեր նկատած են թէ Աստուածաշունչը իմաստութեան վստահելի աղբիւր մըն է։ Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած յատուկ կայք մը, որ ընտանիքներուն օգնելու ձրի միջոցներ ունի»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել