Ներկայացումի նմոյշներ
Նոյեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Այս դժուար օրերուն, բոլորս ալ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, որոնք ընտանիքներու վրայ ճնշում կը բանեցնեն։ Ձեր կարծիքով, ո՞ւր կրնանք վստահելի առաջնորդութիւն գտնել, որ մեզի օգնէ մեր ընտանեկան կեանքը երջանկացնելու»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ. ապա Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր թիւէն օրինակ մը տանտիրոջ տուր, եւ էջ 18-19–ի մէջ նշուած մէկ ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ նշուած համար միասնաբար նկատի առէք։ Պարբերաթերթը առաջարկէ եւ միւս հարցումներէն մէկը քննարկելու համար վերայցելութիւն մը հաստատէ։
Դիտարան 1 նոյեմբեր
Դիտարան–ին կողքը ցուցուր եւ հարցուր. «Ի՞նչ պիտի զգայիք, եթէ գիտնայիք թէ ոմանք ձեզի սուտեր խօսեր են Աստուծոյ մասին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ ճշմարտութիւնը սուտերէն զանազանելու կերպին մասին, Յիսուս ի՛նչ ըսաւ։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 17։17։] Ուստի միմիայն Աստուածաշո՛ւնչը Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Այս պարբերաթերթը Աստուծոյ մասին հինգ տարածուած սուտեր կը քննարկէ, որոնք Աստուածաշունչը կը քօղազերծէ»։