Մայիս 10–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՄԱՅԻՍ 10–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 129
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Բ. Թագաւորաց 4-8
Թիւ 1. Բ. Թագաւորաց 6։1-13
Թիւ 2. Ի՞նչ գիտենք Վալընթայն–ի օրուան, Մայրերու օրուան եւ ազգայնական արարողութիւններու մասին (rs էջ 181 պարբ. 5–էջ 182 պարբ. 5 [էջ 59 պարբ. 1-6, արաբ.])
Թիւ 3. Ագահութիւնը ինչո՛ւ կռապաշտութիւն է (Եփ. 5։5)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 162
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
10 վյրկ. Թաղամասին մէջ եղողներուն գործնական օգնութիւն տուր։ Քննարկում ներկաներուն հետ, հիմնուած՝ Ծառայութեան դպրոց գրքին վրայ, էջ 188, պարբերութիւն 4–էն մինչեւ էջ 189–ի վերջաւորութիւնը։ Հակիրճ հարցազրոյց ունեցիր անհատի մը հետ, որ ուրիշներու կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած անձնական հետաքրքրութեան պատճառաւ յառաջդիմած է։
10 վյրկ. Մաքուր թագաւորութեան սրահը եհովան կը պատուէ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Եհովա սուրբ Աստուած է, ուստի իր ժողովուրդին մէջ ֆիզիքական մաքրութեան նախապատուութիւն պէտք է տրուի (Ել. 30։17-21. 40։30-32)։ Մեր պաշտամունքի վայրը մաքուր եւ լաւ վիճակի մէջ պահելով, Եհովայի փառք կը բերենք (Ա. Պետ. 2։12)։ Հարցազրոյց ունեցիր եղբօր մը հետ, որ տեղական կարգադրութիւններուն առնչութեամբ մաքրութիւնն ու նորոգութիւնը կը համակարգէ։ Պատմէ տեղական կամ հրատարակուած փորձառութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ Թագաւորութեան սրահի մը լաւ երեւոյթը ինչպէ՛ս շրջանին մէջ լաւ վկայութեան նպաստած է։ Բոլորը քաջալերէ, որ Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահեն։
10 վյրկ. «Այս աւետարանը պիտի քարոզուի»։ Հարց–պատասխանով քննարկում։
Երգ 127