Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/13 էջ 4
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 1/13 էջ 4

Ներկայացումի նմոյշներ

Փետրուար ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար

«Շատեր կը խորհին որ աշխարհի չարութեան ետին Սատանա՛ն կանգնած է։ Բայց միեւնոյն ատեն հարց կու տան. ‘Սատանան ուրկէ՞ եկաւ։ Աստուա՞ծ զինք ստեղծեց’։ Ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Տեսէք թէ հոս ի՛նչ գրուած է»։ Դիտարան–ի 1 փետրուար թիւին ետեւի կողքին յօդուածը ցոյց տուր, եւ առաջին պարբերութիւնն ու նշուած համարը նկատի առ։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար, վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։

Դիտարան 1 փետրուար

«Կ’ուզենք ձեր կարծիքը առնել անհատի մը մասին, որը շատ յարգուած է քրիստոնեաներուն, իսլամներուն եւ հրեաներուն կողմէ։ Այդ անհատը Մովսէսն է։ Երբ անոր անունը լսէք, ձեր մտքէն առաջին անգամ ի՞նչ կ’անցնի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թէեւ Մովսէս սխալներ գործեց, բայց հետաքրքրական է թէ Սուրբ Գիրքը զինք ինչպէ՞ս կը նկարագրէ։ [Կարդա՛ Բ. Օրինաց 34։10-12։] Այս պարբերաթերթը Մովսէսի լաւ յատկութիւններէն երեքը կը քննարկէ եւ կ’ըսէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել»։

Զարթի՛ր փետրուար

«Այս օրերուն, բնական երեւոյթ է տեսնել, թէ մարդիկ օտար երկիրներ կը գաղթեն աւելի լաւ կեանք մը ձեռք բերելու համար։ Կը խորհի՞ք թէ անոնք միշտ իրենց ուզածը կը գտնեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Գաղթելը նորութիւն չէ։ Նկատի առ այս օրինակը, որ Սուրբ Գիրքին սկիզբները յիշուած է։ [Կարդա՛ Ծննդոց 46։5, 6։] Այս պարբերաթերթը հետեւեալ հարցումները կը քննարկէ»։ Տանտիրոջ ցոյց տուր էջ 6–ի վերջաւորութեան գտնուող հարցումները։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել