Մասնայատուկ արշաւ՝ Հոկտեմբեր 16–Նոյեմբեր 12
1 «Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է» խորագրով Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկը համայն աշխարհի մէջ պիտի բաշխուի յառաջիկայ ամիսէն սկսեալ։ Հոկտեմբեր ամսուան առաջին կէսին՝ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք։ Երկուշաբթի՝ 16 Հոկտեմբերէն մինչեւ Կիրակի՝ 12 Նոյեմբեր, Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկին ընդարձակ բաշխումին պիտի մասնակցինք։ Արշաւի ընթացքին, շաբաթավերջերուն զայն պիտի ներկայացնենք ընթացիկ պարբերաթերթերուն հետ։
2 Որո՛նք կրնան մասնակցիլ. Բարի լուրը աշխուժօրէն ծանուցանող բոլոր անհատները պիտի փափաքին անոր մէջ լման մասնակցութիւն բերել։ Ոմանք պիտի կարենան օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ։ Հոգեւորապէս յառաջդիմող զաւակներ կամ Աստուածաշունչի աշակերտներ ունի՞ս։ Անոնց օգնէ որ երէցներուն մօտենան, որոշելու համար թէ չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու որակեա՞լ են։ Երէցները անգործունեայ հրատարակիչներուն հետ խօսելու նախաքայլը պէտք է առնեն եւ զիրենք քաջալերեն մասնակցելու, թերեւս փորձառու հրատարակիչներու հետ աշխատելով։
3 Իւրաքանչիւր ժողովքի պիտի ուղարկուի Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկէն քանակ մը, որպէսզի հրատարակիչներն ու ռահվիրաները կարենան առնուազն 50 հատ ստանալ։ Հետաքրքրուած անհատներ, որոնք տակաւին հրատարակիչ չեն, կրնան հինգ թերթիկ ստանալ, ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու բաշխելու համար։ Բոլորն ալ իրենց բաշխած թերթիկներուն ընդհանուր գումարը պէտք է արձանագրեն, ապա Հոկտեմբեր ու Նոյեմբեր ամիսներու վերջաւորութեան, զայն գրեն իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագրին ետեւը։ Քարտուղարը իւրաքանչիւր ամսուան վերջաւորութեան՝ ժողովքին բաշխած թերթիկներուն ընդհանուր գումարը պիտի առնէ եւ տեղեկագրէ մասնաճիւղին։ Արշաւը վերջ գտնելէ ետք, Թագաւորութեան լուրեր թերթիկին մնացեալ քանակը կարելի է ծառայութեան որեւէ մարզին մէջ գործածել։
4 Ի՛նչ ըսել. Ներկայացումդ հակիրճ պահէ, որպէսզի կարենաս թերթիկը աւելի ընդարձակօրէն բաշխել։ Կրնաս ըսել. «Կամաւորաբար կը մասնակցիմ այս կարեւոր պատգամին համաշխարհային բաշխման։ Ահաւասիկ անվճար օրինակդ։ Հաճիս զայն կարդալ»։ Թերեւս գործնական է հետդ ծառայութեան պայուսակ չկրել։ Որեւէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւն բծախնդրաբար արձանագրէ։
5 Թաղամասդ ի՛նչպէս ծածկել. Թագաւորութեան լուրեր թերթիկը փողոցի քարոզչութեան ընթացքին բաշխելու փոխարէն, կեդրոնացիր տունէ տուն ծառայութեան յատկացուած եւ առեւտրական թաղամասեր ծածկելու վրայ։ Տունը չեղողներուն վերաբերեալ արձանագրութիւն պահէ եւ փորձէ փոխել այցելութեանդ ժամը կամ օրը։ Երկուշաբթի՝ 6 Նոյեմբերէն սկսեալ, կարելի է տունը չեղողներուն թերթիկ մը ձգել։ Սակայն եթէ ժողովքը յատկացուած ժամանակամիջոցին պիտի չկարենայ իր թաղամասերը ծածկել, երէցները կրնան որոշել որ Թագաւորութեան լուրեր թերթիկը տունը չեղողներուն ձգուի՝ ամբողջ արշաւին ընթացքին։
6 «Մեծ Բաբելոն»ին կործանումը արագօրէն կը մօտենայ։ Մարդիկ անկէ դուրս պէտք է ելլեն, անոր ամբողջական կործանումէն առաջ։ (Յայտ. 14։8. 18։8) Հի՛մա ծրագրէ այս համաշխարհային արշաւին մէջ լման մասնակցութիւն բերել, բոլորին գիտցնելու թէ սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է։