Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/95 էջ 3-4
  • «Աւելցէ՛ք Տէրոջը Գործին Մէջ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Աւելցէ՛ք Տէրոջը Գործին Մէջ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 Թերթիկը Ընդլայնօրէն Բաշխեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • «Նոր Հազարամեակը—Ապագան Ի՞նչ կը Վերապահէ Ձեզի Համար»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Մասնայատուկ արշաւ՝ Հոկտեմբեր 16–Նոյեմբեր 12
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ապրիլ Ամսուան Ընթացքին «Բարի Գործերու Նախանձախնդիր» Ըլլանք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 4/95 էջ 3-4

«Աւելցէ՛ք Տէրոջը Գործին Մէջ»

1 Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին վստահաբար աստուածպետական գործունէութեան լեցուն յայտագիր մը ունինք որու հաճոյքով կը սպասենք։ Ապրիլ 14–ին Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի տօնակատարենք։ Կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ քաջալերենք որ այդ կարեւոր առիթին ներկայ գտնուին. գործակիցներ, անհաւատ ազգականներ, դասընկերներ, նոր հետաքրքրուած անհատներ եւ Աստուածաշունչի աշակերտներ։ Ցուցակագրեցէք թէ զորոնք կը ծրագրէք հրաւիրել, այնպէս որ կարենաք ամէնքը հրաւիրել։

2 Յաջորդ շաբաթը, պիտի քաջալերենք Յիշատակատօնին բոլոր ներկայ եղողները որ Ապրիլ 23–ին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը լսեն, որու խորագիրն է՝ «Սուտ Կրօնքին Վախճանը Մօտ Է»։ Կը յուսանք որ շատ մը հետաքրքրուած անհատներ որոնք պիտի լսեն այս ուղղակի պատգամը, պիտի նկատեն կարիքը ժողովքին հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելու, ոչ թէ միայն մասնաւոր առիթներով։

3 Մասնաւոր Թագաւորութեան Լուրեր Լոյս Պիտի Տեսնէ. Ապրիլ 23–ի ժողովին աչքառու բանը պիտի ըլլայ ժամանակայարմար չորս էջնոց Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 34–ի հրատարակութիւնը, որ ընդարձակօրէն պիտի բաշխուի մինչեւ Մայիս 14։ Չէ՞ք համաձայնիր թէ ‘ընելիք շատ բան կայ Տէրոջը գործին մէջ’ այս Յիշատակատօնի եղանակին ընթացքին։—Ա. Կորն. 15։58, ՆԱ։

4 Թագաւորութեան Լուրերէն քանակ մը պիտի ղրկուի իւրաքանչիւր ժողովքի։ Թագաւորութեան Լուրերը պարունակող սնտուկները պէտք է պահուին ապահով տեղ մը եւ պէտք չէ բացուին մինչեւ Ապրիլ 23–ի յայտագրին աւարտին։ Այն ատեն Թագաւորութեան Լուրերը մատչելի պիտի ըլլայ բաժնուելու թէ՛ եղբայրներուն եւ թէ հանրութեան։ Ապրիլ 23–ին, ժողովքային հանդիպումներուն, շրջանային համաժողովներուն կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին վերջաւորութեան, ներկայ եղողները օրինակ մը պիտի ստանան որպէսզի անոր բովանդակութենէն տեղեակ ըլլան ու զայն բաշխելու պատրաստուին։

5 Երէցները Ընելիք Շատ Բան Պիտի Ունենան. Այս ամսուան սկիզբը երէցներու մարմինը պէտք է ժողով մը գումարէ խօսակցելու համար մասնաւոր արշաւին մանրամասնութիւններուն մասին։ Ժողովքները պէտք է ջանան իրենց նշանակուած ամբողջ թաղամասը ծածկել։ Արշաւը վերջանալէ առաջ, մասնաւոր ջանք թափեցէք այն թաղամասերը աշխատելու որոնք չեն ծածկուած անցեալ վեց ամիսներուն ընթացքին։ Գործին կարեւորութեան ի տես, պիտի ուզենք կարելի եղածին չափ ծառայութեան շատ ժամանակ յատկացնել։ Կասկած չկայ որ ա՛լ աւելի հրատարակիչներ պիտի ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Շատ հաւանական է որ Աստուածաշունչի բազմաթիւ աշակերտներ նաեւ մեզի հետ պիտի ծառայեն որպէս վերջերս ընդունուած չմկրտուած հրատարակիչներ։ Ի՜նչ հաճոյալի ժամանակ պիտի ունենանք մինչ միասին կ’աշխատինք Տէրոջը գործին մէջ։

6 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները պէտք է որոշ կարգադրութիւններ ընեն խմբային վկայութեան համար, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը։ Ամէն անհատի պէտք է քաջալերութիւն տրուի որ գործօն բաժին մը բերէ։ Շաբաթավերջը եղած գործունէութենէն զատ, պէտք է երեկոյեան վկայելը յայտագրել առնուազն շաբաթը անգամ մը արշաւի ընթացքին։ Ոմանք կրնան ծառայութեան համար հաւաքուիլ դպրոցէն ետք, այն աշակերտներուն ի նպաստ որոնք կը փափաքին յաւելեալ բաժին մը բերել։

7 Դաշտի ծառայութեան ժողովները պէտք է այնպիսի կերպով մը յայտագրել որ հրատարակիչներն ու ռահվիրաները կարենան իրենց ծառայութիւնը կանուխ ժամանակ սկսիլ իւրաքանչիւր օր։ Այս ժողովները պէտք է հակիրճ ըլլան։ Իւրաքանչիւրը պէտք է ցցուն ընէ Թագաւորութեան Լուրերու պարզ ներկայացում մը։ Կէսօրէ ետք եղած ծառայութեան ժողովները կրնան պարփակել մէկ կամ երկու թելադրութիւններ վերայցելելու համար զանոնք որոնք Թագաւորութեան Լուրերը ընդունած են։ Սակայն, կարգ մը հրատարակիչներ թերեւս կը նախընտրեն բաշխումին մասնակցիլ թէ՛ առաւօտուն եւ թէ կէսօրէ ետք։ Այդ պատճառով, ծառայութեան տեսուչը վստահ պիտի ըլլայ թէ բաւարար թաղամաս մատչելի է։ Հետաքրքրուող ամէն անհատի անունն ու հասցէն պէտք է նոթագրել տունէ–տուն արձանագրութեան մէջ։ Հակիրճ խօսակցութեան գլխաւոր կէտերը կարելի է պարփակել նշմարներու սիւնակին մէջ։ Ասիկա ճամբան պիտի հարթէ վերայցելութեան մը ուրիշ ատեն նոյն շաբաթը կամ ամիսը։

8 Եթէ ժողովք մը ուրիշ ժողովքի կ’օգնէ որ անոր թաղամասը ծածկուի, հետաքրքրուողներու անուններն ու հասցէները պէտք է յանձնել այն ժողովքին որու պատասխանատուութիւնն է թաղամասին հոգ տանիլ։

9 Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները կը ջանա՞ն չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալ։ Նկատուած է թէ կարգ մը ժողովքներու մէջ, լաւ վարքով զաւակներ իրենց նուիրուած ծնողներուն հետ ընկերակցած են ծառայութեան մէջ տարիներէ ի վեր, իսկ զաւակները փաստած են ազդեցիկ ըլլալ թէեւ տակաւին բարի լուրի հրատարակիչներ չեն։ Լաւ է որ ծնողներ նկատի առնեն թէ իրենց զաւակները իրապէս որակելի՛ են այս առանձնաշնորհումին թէ ոչ։ Երկու երէցներ կրնան ընտանիքին գլուխին հետ խօսակցիլ բոլոր ազդակներուն մասին եւ որոշել թէ զաւակը կրնա՛յ չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալ կամ ոչ։—Կազմակերպուած, էջեր 99–100, Անգլերէնով։

10 Ձեր ժողովքին թաղամասին մէջ ոեւէ հրատարակիչ կա՞յ որ այլեւս գործունեայ չէ Եհովայի օրհնութեան պատարագ մը մատուցանելու մէջ։ (Եբր. 13։15) Անգործունեայ եղողներէն ոմանք թերեւս վհատութենէ կամ կեանքի մտահոգութիւններէ յաղթուած են, թէեւ կը շարունակեն Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն կառչիլ։ Երէցի մը կողմէ բարեկամական այցելութիւն մը կրնայ զիրենք մղել որ վերադառնան կանոնաւոր ընկերակցութեան ժողովքին հետ, եւ յարմար ժամանակին, վերանորոգուած գործունէութեան՝ ծառայութեան մէջ։

11 Բոլոր Որակելի Եղողները Կրնան Այս Հաճոյալի Գործին Մասնակցիլ. Ձեզմէ ոմանք՝ երախաներ թէ պատանիներ՝ դժուար կը գտնե՞ն տունէ–տուն ծառայութեան մասնակցիլը։ Ի՞նչ ըսել ձեր մասին ո՛վ նորեկներ, որոնց փորձառութիւնը քարոզչութեան գործին մէջ բաւական սահմանափակ է։ Այս մասնաւոր Թագաւորութեան Լուրերով աշխատիլը մեծապէս հաճոյալի պիտի գտնէք։ Ամէն պէտք եղածը պարզ ներկայացում մըն է։

Կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.

◼ «Այս ամիս կարեւոր պատգամ մը կը բաժնենք 232 երկիրներու մէջ համայն աշխարհի մէջ։ Պատգամը կարեւոր է որովհետեւ մեզի հաստատ պատճառներ կու տայ հաւատալու թէ այսօր մեր դիմագրաւած խնդիրներուն լուծում մը կայ։ Կը փափաքինք որ դուն ալ անձնական օրինակդ ունենաս»։

Կամ կրնաք ասիկա փորձել.

◼ «Այս ամիս գրեթէ հինգ միլիոն կամաւորներ կը բաշխեն կարեւոր պատգամ մը բազմաթիւ լեզուներով։ Անիկա պատրաստուած է այն մարդոց համար որոնք կը փափաքին վերջ մը տեսնել այն խնդիրներուն զորս բոլորս ալ կը դիմագրաւենք այսօր։ Ասիկա անձնական օրինակդ է»։

Այս պարզ ներկայացումը կրնայ ձեզի յարմար ըլլալ.

◼ «Ամէն անհատի կը քաջալերենք որ այս կարեւոր պատգամը կարդայ, որու բնաբանն է [կարդացէք Թագաւորութեան Լուրերուն բնաբանը]։ Նկատէ ինչ որ կ’ըսէ հոս՝ 2–րդ էջին մէջ՝ երթալով աւելցող . . . խնդիրներուն նկատմամբ [կարդացէք Թագաւորութեան Լուրերէն ընտրուած նախադասութիւն մը]։ Վստահ ենք որ հաճոյք պիտի առնես այս ժամանակայարմար պատգամին մնացեալը կարդալով։ Ասիկա քու օրինակդ է»։

12 Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցէք իւրաքանչիւր անհատի հանդէպ որ Թագաւորութեան Լուրերը կ’ընդունի։ Դանդաղօրէն ու յստակօրէն խօսեցէք. հարկ չկայ ձեր ներկայացումը աճապարանօք ընելու։ Կ’ուզենք լման կերպով մեր թաղամասը ծածկել եւ Թագաւորութեան Լուրերէն անձնական օրինակ մը տալ բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրութիւն կը յայտնեն զայն կարդալու նկատմամբ։ Երբ տունը մէկը չկայ, ուշադրութեամբ նոթագրեցէք ձեր տունէ–տուն արձանագրութեան մէջ, որպէսզի կարենաք յարմար ժամանակ մը վերադառնալ, Թագաւորութեան Լուրերը տանտիրոջ ներկայացնելու։ Այս Թագաւորութեան Լուրերը կարելի է փողոցի վկայութեան մէջ գործածել երբ անհատ մը հետաքրքրութիւն կը յայտնէ նիւթը կարդալու նկատմամբ։ Օրինակները պէտք չէ անխտրաբար բաշխուին, կարծես թէ թռուցիկներ են։ Փոխարէն, անցորդներու մօտեցէք եւ ներկայացուած պատգամին կարեւորութիւնը բացատրեցէք։ Թագաւորութեան Լուրերը անպաշտօն վկայութեան մէջ գործածեցէք, զօր օրինակ՝ մինչ կը ճամբորդէք կամ գործակիցներու կը վկայէք ճաշի դադարի ընթացքին։ Անոնք որոնք անկողին ինկած են կամ այլապէս անհանգիստ են, կրնան զանոնք ներկայացնել այցելուներու, բժիշկներու եւ հիւանդապահներու, ծախողներու եւ ուրիշներու որոնք իրենց տուները կու գան։

13 Քանի՞ վերայցելութիւններ պիտի ընէք արշաւին ընթացքին։ Անկասկած շատ, քանի որ Թագաւորութեան Լուրերով բոլոր հետաքրքրուողները պէտք է վերայցելել։ Առաջին հանդիպումին, լաւագոյն բանն է ցցուն ընել միայն Թագաւորութեան Լուրերը։ Յետոյ, երբ կը վերադառնաք, մի քանի մեկնաբանութիւններ ըրէք Թագաւորութեան Լուրերու պատգամին այժմէութեան մասին։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք մինչ տանտէրը կ’արտայայտէ իր կարծիքը իր կարդացածին շուրջ։ Անոր մեկնաբանութիւնները ձեզի պիտի օգնեն որ գիտնաք ի՛նչ առաջարկել ամենավերջին պարբերաթերթերէն եւ թերեւս ինչպէ՛ս պատրաստուիլ յաւելեալ խօսակցութիւններու համար։ Եթէ վերայցելութեան ատեն նպաստաւոր ընդառաջում ձեռք ձգէք, փորձեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։—Ա. Կորն. 3։6, 7

14 «Ձեր Աշխատութիւնը Պարապ Չէ». Այս ամբողջ աշխատանքը իրապէս կ’արժէ՞։ Պօղոս Կորնթացիներուն վստահեցուց. «Ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։ (Ա. Կորն. 15։58) Տարիներու ընթացքին, Թագաւորութեան Լուրերը ցրուելու մեր ջանքերը մեծապէս օրհնուած են։ Ամուսնացած զոյգ մը որ պարապ յարկաբաժինի մը մէջ պիտի հաստատուէր, Թագաւորութեան Լուրերու հին օրինակ մը գտաւ դարակի մը մէջ։ Ատիկա ամբողջ յարկաբաժինին մէջ միակ ձգուած բանն էր։ Զանիկա կարդալէ ետք, անոնք հաղորդակցութեան մէջ մտան տեղական ժողովքին հետ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեցին։ Անոնք բոլոր ժողովներուն սկսան ներկայ ըլլալ եւ հետագային փափակեցան մկրտուիլ։ Թերեւս ձեր ձգած մէկ օրինակը նոյնանման արդիւնքներ բերէ։—թծ 11/74 էջ 1. տես նաեւ Զարթի՛ր Նոյեմբեր 8, 1976–ի Անգլերէն թիւը, էջ 15։

15 Մեր առջեւ հսկայական աշխատանք մը ունինք։ Մեր նպատակակէտն է որ իւրաքանչիւր ժողովք իր նշանակուած թաղամասը ծածկէ մինչեւ Մայիս 14 կամ ամսուան վերջաւորութիւնը եթէ անհրաժեշտ է Թագաւորութեան Լուրերու բաշխումին ժամանակը երկարել։ Կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրաներէն ամէն մէկը Թագաւորութեան Լուրերէն 250 օրինակ պիտի ստանայ։ Իսկ իւրաքանչիւր հրատարակիչ մինչեւ 50 օրինակ պիտի ստանայ։ Հրատարակիչները եւ ռահվիրաները պէտք է ա՛յն քանակը առնեն զոր կրնան բաշխել եւ որեւէ աւելցած օրինակ պէտք է վերադարձնեն, որպէսզի ուրիշները գործածեն։ Ասոր առնչութեամբ լաւ համագործակցութիւնը պիտի ապահովէ այս կարեւոր պատգամին կարելի եղած ամենէն ընդարձակ բաշխումը։ Եթէ մեծ թաղամասի նշանակում ունենալուն պատճառով կարգ մը ժողովքներ իրենց թաղամասը չծածկեն մինչեւ Մայիսի կիսուն եւ օրինակներ դեռ մատչելի են, կրնայ գործնական ըլլալ մօտակայ ժողովքներէն օգնութիւն խնդրել։ Ուրիշ ժողովքներու մէջ, կարիքին կրնայ գոհացում տրուիլ տեղականօրէն, եթէ հրատարակիչները իրենց գործունէութիւնը աւելցնեն, ծառայելով որպէս օժանդակ ռահվիրաներ կամ աւելի յաճախ ծառայութեան միջամուխ ըլլալով։

16 Որպէսզի մեր աշխատանքը ամբողջացնենք, Եհովայի մեր սրտանց նուիրումին հարկ կայ։ (Կող. 3։23) Կեանքեր պարփակուած են։ Մարդիկ ի վիճակի չեն աշխարհի ներկայ կացութեան իմաստը անտեսելու։ Ժամանակը վերջանալու վրայ է։ Անոնք պէտք է այն իրողութիւնը դիմագրաւեն թէ մարդը այս աշխարհի խնդիրներուն լուծումը չունի։ Աստուա՛ծ ունի։ Անոնք որոնք կը փափաքին Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալ, պէտք է վճռաբար՝ առանց յապաղումի՝ գործի լծուին իր պահանջներուն համաձայն։

17 Երբ Մայիս 14–ին մասնաւոր արշաւը իր վերջը գտնէ, թոյլ պիտի տա՞նք որ մեր գործունէութիւնը դանդաղի։ Ո՛չ։ Պիտի շարունակենք զբաղած մնալ, ներդաշնակ ըլլալով Պօղոսի ներշնչուած խրատին հետ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել