Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 Թերթիկը Ընդլայնօրէն Բաշխեցէք
1 Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, բոլորս ալ զբաղած պիտի ըլլանք։ Հոկտեմբերի առաջին 11 օրերուն ընթացքին, Դիտարան պարբերաթերթէն օրինակներ պիտի ներկայացնենք։ Անկէ ետք, Կիրակի 12 Հոկտեմբերէն մինչեւ Կիրակի 16 Նոյեմբեր, պիտի մասնակցինք Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկին համաշխարհային բաշխումին։ Մեր առանձնաշնորհումը պիտի ըլլայ կարեւոր պատգամ մը տանիլ մեր թաղամասին մէջ գտնուող բոլոր մարդոց։ Անիկա հետեւեալ հարցումին պատասխանն է. «Պիտի Ըլլա՞յ Ժամանակ մը որ Բոլոր Մարդիկ Իրար Սիրեն»։ Այս մասնայատուկ արշաւին ընթացքին, Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկը շաբաթամէջի օրերուն պիտի բաշխենք։ Շաբաթավերջերուն, Թագաւորութեան Լուրեր–ը ներկայացնելէ զատ, Դիտարան–ի ընթացիկ թիւերը պիտի ներկայացնենք։
2 Որո՞նք Կրնան Մասնակցիլ. Ըստ սովորութեան, երէցները այս գործունէութեան գլուխը պիտի անցնին։ Բոլորս ալ կ’ուրախանանք Թագաւորութեան Լուրեր թերթիկը բաշխելով, եւ անկասկած բազմաթիւ հրատարակիչներ օժանդակ ռահվիրաներ պիտի ըլլան արշաւին մէկ կամ երկու ամիսներուն ընթացքին։ Ուրիշ հրատարակիչներ պիտի փափաքին սովորականէն աւելի ժամանակ յատկացնել ծառայութեան։
3 Աստուածաշունչի աշակերտ մը ունի՞ք որ Գիտութիւն գրքին ուսումնասիրութեան մէջ բաւական յառաջացած է եւ շուտով որակելի պիտի ըլլայ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու։ Թերեւս ան չմկրտուած հրատարակիչ մը կրնայ ըլլալ, Թագաւորութեան Լուրեր–ու արշաւը սկսելէ առաջ, որպէսզի անոր մէջ իր մասնակցութիւնը բերէ։ Թերթիկը ներկայացնելու համար, միմիայն պարզ ներկայացումի մը կարիքը կայ։ Օրինակի համար, կրնաք ըսել. «Այս պատգամը այնքան կարեւոր է որ այս ամիս համայն աշխարհի մէջ կը բաշխուի, 169 լեզուներով։ Կը փափաքիմ որ ձեր անձնական օրինակը ունենաք»։ Նոյնիսկ երախաներ կրնան այս ոգեւորիչ գործունէութեան մէջ իրենց իմաստալից մասնակցութիւնը բերել։
4 Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները, իրենց խումբին իւրաքանչիւր անդամը պէտք է քաջալերեն, որ լիովին մասնակցին Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկին բաշխումին։ Թերեւս անգործունեայ հրատարակիչներ կան, որոնք դարձեալ գործունեայ կրնան դառնալ եթէ պէտք եղած քաջալերութիւնը ստանան։ Արշաւէն առաջ, երէցները ասոնցմէ իւրաքանչիւրին պէտք է այցելեն, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կարելի է ընել անոնց օգնելու որ փորձառու հրատարակիչներու ընկերակցին, ծառայութեան այս երեսակին մէջ։
5 Ծառայութեան Համար Ե՞րբ Կրնանք Հաւաքուիլ. Այս գործունէութիւնը իրագործելու համար, խմբովին վկայելու յարմար ու գործնական կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան։ Երբ կարելիութիւն կայ, ծառայութեան ժողովներ պէտք է կազմակերպուին շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան, շաբաթավերջին եւ երեկոներուն համար։ Այս հաւաքավայրերը յարմար ժամերուն պէտք է ըլլան, որպէսզի հրատարակիչներն ու ռահվիրաները քարոզելու այդ ժամանակամիջոցէն լիովին օգտուին։ Հաւաքավայրեր պէտք է կարգադրուին նաեւ կէսօրէ ետք, դպրոցական աշակերտներու, մասնակի ժամեր աշխատողներու եւ ուրիշներու համար։ Ծառայութեան տեսուչը վստահ պէտք է ըլլայ բաւարար թաղամաս ապահովելու, թէ՛ բնակարանային եւ թէ առեւտրական շրջաններու մէջ, որպէսզի բոլորն ալ կարենան լիովին մասնակցիլ այս գործին։ Երբ շրջանի մը մէջ բազմաթիւ հրատարակիչներ կան, անոնք զգոյշ պէտք է ըլլան, որ թաղամաս մը մի քանի անգամ չաշխատցուի, մէկէ աւելի անհատներու կողմէ։
6 Ի՞նչ Ընենք Տունը Չեղողներուն Պարագային. Կը փափաքինք անձնապէս խօսիլ կարելի եղածին չափ շատ տանտէրներու, անոնց բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ պէտք է կարդան Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկը։ Ուստի, երբ ձեր այցելած պահուն տունը չեն, հասցէն արձանագրեցէք եւ օրուան տարբեր մէկ ժամուն դարձեալ վերադարձէք։ Եթէ արշաւին մինչեւ վերջին շաբաթը, չկրցաք այս տանտէրներուն հետ անձամբ կապի մէջ մտնել, կրնաք անոնց դրան առջեւ Թագաւորութեան Լուրեր թերթիկէն օրինակ մը ձգել, այնպիսի տեղ մը որ անցորդներուն ուշադրութիւնը չի գրաւեր։ Բնակարանային թաղամասերու մէջ, արթուն եղէք Թագաւորութեան Լուրեր–ը ներկայացնելու այն անհատներուն, որոնք փողոցը կը քալեն։ Երբ գիւղական շրջաններու մէջ կը ծառայէք, ուր արշաւին ընթացքին բաւարար ժամանակ չկայ զանոնք ծածկելու, առաջին այցելութենէն իսկ Թագաւորութեան Լուրեր–ը կարելի է տունը չեղողներուն դրան առջեւ տեղաւորել։
7 Ի՞նչ Է Մեր Նպատակակէտը. Ժողովքները պէտք է ջանան Թագաւորութեան Լուրեր–ու իրենց ամբողջ պաշարը գործածել, ծածկելով իրենց նշանակուած թաղամասը, 16 Նոյեմբերին արշաւը վերջ գտնելէ առաջ։ Եթէ ձեր ժողովքին նշանակուած թաղամասը բաւական մեծ է եւ եթէ ապահով է հոն առանձին ծառայել, առանց ընկերակիցի մը, թերեւս գործնական գտնէք այդպէս ընել։ Ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ բարի լուրը կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հասցնէք, որոնք արժանի են անոր։ (Մատթ. 10։11) Փոխանակ մեծ պայուսակ մը կրելու, գործնական կրնայ ըլլալ մի քանի թերթիկներ ձեր ձեռքը ունենալ եւ Աստուածաշունչ մը՝ ձեր գրպանին կամ պզտիկ պայուսակին մէջ։ Վստահ եղէք գտնուած հետաքրքրութեան մասին լաւ արձանագրութիւն մը պահելու։
8 Սկսելու Պատրա՞ստ Էք. Երէցները նախապէս հաշիւ պէտք է ընեն, թէ ժողովքին պարբերաթերթերու կարիքը որքա՛ն է եւ անոր համաձայն ապսպրեն։ Պէտք չկայ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկը ապսպրելու, քանի որ իւրաքանչիւր ժողովքին քանակ մը պիտի առաքուի։ Իւրաքանչիւր մասնաւոր, կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրայի 250 օրինակ պիտի տրուի որ բաշխեն, մինչ իւրաքանչիւր հրատարակիչ 50 օրինակ պիտի ստանայ։ Ունինք գործ մը որ պատրաստուած է մեզի համար։ Անձկալի՞ց էք այս բերկրալի գործունէութեան մէջ ձեր մասնակցութիւնը բերելու։ Անկասկած այո՛։ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկին բովանդակած Աստուածաշունչի կարեւոր պատգամը կարելի եղածին չափ ընդլայնօրէն բաշխենք։