Թերթիկի մասնայատուկ արշաւ՝ հոկտեմբեր 20–նոյեմբեր 16
1 Երկուշաբթի՝ 20 հոկտեմբերէն սկսեալ եւ չորս լման շաբաթներու ընթացքին, պիտի մասնակցինք նոր թերթիկի մը մասնայատուկ բաշխումին, որուն խորագիրն է՝ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Կը յուսանք որ այս համաշխարհային մասնայատուկ արշաւը, ճշմարտութեան միակ աղբիւրին հանդէպ յաւելեալ հետաքրքրութիւն խթանէ (Յովհ. 17։17)։
2 Թերթիկը վեց կարեւոր հարցումներու աստուածաշնչական համառօտ պատասխանները կը հայթայթէ. «Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի»։ «Պատերազմն ու տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնե՞ն»։ «Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք»։ «Ննջեցեալներուն համար որեւէ յոյս կա՞յ»։ «Ի՞նչպէս աղօթեմ որ Աստուած լսէ զիս» եւ «Ի՞նչպէս կրնամ կեանքի մէջ երջանկութիւն գտնել»։ Քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիները այս հարցումներուն նկատմամբ երբեք գոհացուցիչ պատասխաններ չեն հայթայթած։ Նոյնիսկ քրիստոնէութիւն չդաւանողներէն շատեր այսպիսի նիւթերու մասին հարց տուած են, բայց թերեւս չեն գիտեր թէ Աստուածաշունչին մէջ այս հարցումներուն յստակ պատասխանները կը գտնուին։ Հետեւաբար այս պատգամը շատերուն սրտին պիտի խօսի։
3 Թաղամասդ ծածկէ։ Ջանա՛ կարելի եղածին չափ դռնէ դուռով թաղամասդ ծածկել։ Եթէ մեծ թաղամաս մը ունիս, թերեւս երէցները քաջալերեն որ առաջին այցելութենէն իսկ տունը չեղողներուն դռներուն առջեւ թերթիկ մը ձգես։ Չմոռնաս օրինակ մը տալ դրացիներուդ, ազգականներուդ, գործակիցներուդ կամ դպրոցակիցներուդ, եւ անոնց՝ որոնց հետ կանոնաւորաբար շփման մէջ կու գաս։ Թերեւս կարենաս ծրագրել որ հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընես։ Զաւակ մը կամ Աստուածաշունչի աշակերտ մը ունի՞ս, որ հոգեւորապէս լաւ կը յառաջդիմէ եւ որակեալ է այս արշաւին մասնակցելու որպէս չմկրտուած հրատարակիչ։ Եթէ այո՛, երէցները տեղեկացուր։
4 Ի՛նչ ըսել։ Որպէսզի կարենանք այս պատգամը աւելի շատ մարդոց հասցնել, լաւագոյն կերպն է ներկայացումդ հակիրճ պահել։ Պարզապէս տանտէրներուն ուղղէ կողքի վեց հարցումներէն մէկը, եւ անոնց ցոյց տուր թերթիկին մէջ գտնուող պատասխանը։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ բոլոր հրատարակիչներն ալ իրենց ներկայացումը թաղամասին կարիքներուն յարմարցնեն։ Եթէ ոեւէ մէկը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, անոր մասին նոթագրէ եւ վերայցելէ։ Շաբաթավերջերուն կարելի է թերթիկին հետ ընթացիկ պարբերաթերթերը ներկայացնել։ Արշաւը 16 նոյեմբերին աւարտելէն ետք, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը պիտի ներկայացնենք։ Արշաւէն մնացած թերթիկները միւս թերթիկներուն նման պիտի գործածուին։
5 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսէ։ Այս թերթիկը յատկապէս պատրաստուած է մեզի օգնելու որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք։ Երբ հետաքրքրուած անհատի մը կը վերայցելես, կրնաս անոր հարցնել թէ աստուածաշնչական ո՞ր ճշմարտութիւնը զինք մխիթարեց կամ հանգստացուց։ Թերթիկին վերջին էջը անոր ուշադրութեան յանձնէ, ուր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը կը նշուի եւ իրեն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը տուր։ Եթէ կարելի է, հակիրճօրէն նկատի առ մէկ կամ երկու պարբերութիւն այն գլուխէն, որ իր ընտրած նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ։
6 Եհովա կը փնտռէ զանոնք, որոնք «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» զինք կը պաշտեն (Յովհ. 4։23)։ Բոլորս ալ այս մասնայատուկ արշաւին մասնակցինք, ուրիշներուն օգնելու որ ճշմարտութիւնը գիտնան։