Մէկ Միլիոնը Անցա՛նք
Ծառայութեան Տարին կը Վերջանայ 1,040,283 Հրատարակիչներու Տեղեկագրութեան Բարձրագոյն Թիւով
Յուլիսի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ կոչ մը կար՝ «Մէկ Միլիոն»։ 1,040,283 տեղեկագրող հրատարակիչները այդ կոչին ընդառաջեցին։ Ասիկա 1996–ի Օգոստոսի բարձրագոյն թիւէն 64,454 հոգի, կամ 6.6 առ հարիւր աւելի է։ Կ’աղօթենք որ Եհովա շարունակէ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մեր ջանքերը օրհնել։
Երէցները, օգնական ծառաները եւ բոլոր հրատարակիչները կը յորդորենք որ մտածեն թէ ի՛նչ բաներ նպաստեցին այս նպատակակէտին հասնելու համար թափուած ջանքերուն։ Մէկ միլիոնէ աւելի հրատարակիչները արդէն ժողովքներուն մէջ մեզի հետ են։ Իսկ մինչ կը շարունակենք ազդու ծառայութիւն մը ընել, տակաւին ամէն ամիս ուրիշներ պիտի գան։ Սակայն դաշտի ծառայութեան համար լաւ կազմակերպուած ըլլալը եւ ուր որ կարիք կայ, անձնական սիրալիր օգնութիւն տրուիլը կենսական են յաւելեալ յառաջդիմութեան համար։ Այս աճը պահպանուելու համար, Եհովայի օրհնութեան կ’ապաւինինք, որ ամենէն կարեւոր բանն է։—Ա. Կորն. 3։7
Երէցները եւ օգնական ծառաները, մանաւանդ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները, ուրիշ հասուն հրատարակիչներու ու ռահվիրաներու հետ, եթէ շարունակեն Օգոստոսի ընթացքին թափուած մասնաւոր ջանքը ընել, Եհովայի ճոխ օրհնութիւնը վստահաբար պիտի արտացոլացուի հրատարակիչներու շարունակական յաւելումով։ Երբեմն միակ հարկ եղած բանն է ազնուօրէն յիշեցնել որ քարոզչութեան մասնակցին եւ թերեւս ուրիշ վերյիշեցում մը՝ որ տեղեկագրեն։ «Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք» յաւելուածական յօդուածին մէջ տրուած թելադրութիւնները պէտք է օգնեն մեզի որ մեր գործունէութիւնը բարելաւենք եւ մեր թափած ջանքերուն լաւ արդիւնքները տեսնելով՝ մեր ուրախութիւնը աւելցնենք։