Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/09 էջ 6-7
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դաշտի ծառայութեան ժողովներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովները իրենց նպատակը կ’իրագործեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովներէն լիովին օգտուէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Դաշտի ծառայութեան խումբէդ ինչպէ՛ս կրնաս օգտուիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
թծ 8/09 էջ 6-7

Դաշտի ծառայութեան ժողովներ

1. Ինչո՞ւ կ’ուզենք դաշտի ծառայութիւնը կազմակերպուած կերպով կատարել։

1 Յիսուս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կազմակերպուած եւ ատակ կերպով կատարելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ։ Նմանապէս այսօր, Թագաւորութեան քարոզչութեան համաշխարհային արշաւին պատասխանատուները սրտանց կը փափաքին, որ այս գործին նոյն կերպով հոգ տարուի։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, աշխարհի տարածքին ժողովքները դաշտի ծառայութեան ժողովները կը գործածեն որպէս միջոց՝ դաշտի ծառայութեան համար Թագաւորութեան քարոզիչներու խումբեր կազմակերպելու (Մատ. 24։45-47. 25։21. Ղուկ. 10։1-7)։

2. Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ի՞նչ կ’ակնկալուի։

2 Հոյակապ կարգադրութիւն մը։ Դաշտի ծառայութեան ժողովները ծրագրուած են՝ ծառայութեան մասնակցողները քաջալերելու եւ գործնական հրահանգներ տալու։ Կարելի է հակիրճօրէն օրուան համարը նկատի առնել, երբ յստակօրէն դաշտի ծառայութեան կիրարկելի է։ Երբեմն, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն, Պատճառաբանել գրքէն կամ թերեւս Ծառայութեան դպրոց գրքէն յիշեցումներ գործածուին, բոլոր ներկաները այդ օրը տեղի ունենալիք գործունէութեան պատրաստելու։ Կարելի է նաեւ առաջարկուելիք հրատարակութեան վերաբերեալ հակիրճ ցուցադրութիւն մը ներկայացնել։ Փակման աղօթքէն առաջ, ամէն ոք պէտք է գիտնայ թէ ծառայութեան մէջ որո՛ւ հետ պիտի աշխատի եւ թաղամասը ո՛ւր կը գտնուի։ 15 վայրկեանէն աւելի չտեւող այս ժողովէն անմիջապէս ետք, բոլորն ալ թաղամաս պէտք է ուղղուին։

3. Դաշտի ծառայութեան ժողովները կազմակերպելու պատասխանատուութիւնը ո՞վ կը շալկէ։

3 Անոնք ի՞նչպէս կազմակերպուած են։ Առաջնորդութիւն առնող ծառայութեան տեսուչը, դաշտի ծառայութեան ժողովները համակարգելու պատասխանատուութիւնը ունի։ Խումբերու տեսուչները կամ անոնց օգնականները, շաբաթավերջերուն իրենց նշանակուած խումբերուն ընկերակցելու պատասխանատուութիւնը ունին։ Կարգ մը տեսուչներ կամ օգնական ծառաներ թերեւս շաբաթամիջին կարենան խումբերուն ընկերակցիլ։ Խումբերու տեսուչները ծառայութեան տեսուչին հետ սերտօրէն կը համագործակցին, որպէսզի իրենց խումբերը շաբաթավերջերուն տունէ տուն քարոզելու համար բաւարար թաղամաս ունենան։ Շաբթուան ընթացքին, ծառայութեան տեսուչը պիտի վերահսկէ խումբերը առաջնորդելու կարգադրութիւններուն վրայ։

4-6. ա) Ժողովքի թաղամասին առնչութեամբ, դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նպատակը ի՞նչ է։ բ) Դաշտի ծառայութեան ժողովներ գումարելու կարիքը որոշելու համար, ի՞նչ բան կրնայ նկատի առնուիլ։

4 Այս ժողովները ո՞ւր եւ ե՞րբ պէտք է տեղի ունենան։ Փոխանակ ամբողջ ժողովքը մէկ վայրի մէջ հաւաքելու, ընդհանրապէս գործնական է այս ժողովները ունենալ յարմար վայրերու, սովորաբար տուներու մէջ, թաղամասի ամբողջ տարածքին, զայն ազդուօրէն ծածկելու միտումով։ Թագաւորութեան սրահներն ալ կրնան այս նպատակով գործածուիլ։ Շատ մը ժողովքներ կիրակի օրը հանրային դասախօսութենէն եւ Դիտարան–ի ուսումնասիրութենէն կարճ ժամանակ մը ետք, Թագաւորութեան սրահին մէջ դաշտի ծառայութեան ժողով մը կ’ունենան։ Ջանք պէտք է թափուի, որպէսզի թաղամաս հասնելու ժամանակը նուազագոյնն ըլլայ։ Հետեւաբար, կարելի է կարգադրութիւնները պարբերաբար աչքէ անցընել, վստահ ըլլալու համար թէ ժողովներու ընթացիկ վայրերը տակաւին յարմար են՝ թաղամասը ազդուօրէն ու լիովին ծածկելու։

5 Թաղամասին կառոյցը կ’որոշէ, թէ այս ժողովները գումարելու լաւագոյն ժամանակը ե՛րբ է եւ շաբթուան ընթացքին քանի՛ անգամ պէտք է գումարուին։ Հետեւեալ հարցումները կրնան որպէս ուղեցոյց ծառայել, որոշելու համար դաշտի ծառայութեան ժողովներուն լաւագոյն վայրն ու ժամը։

6 Ո՞ր թաղամասերը յաւելեալ ուշադրութեան կը կարօտին։ Տունէ տուն ծառայելու լաւագոյն ժամանակը ե՞րբ է։ Երեկոյ մը պէ՞տք է յատկացուի տունէ տուն ծառայութեան կամ վերայցելութիւններուն։ Դաշտի ծառայութեան բոլոր կարգադրութիւնները պէտք է ժողովքի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ նշուին։ Բոլոր հրատարակիչներուն փափաքն է՝ իրենց նշանակուած թաղամասը ծածկել ա՛յն տարողութեամբ, որ կարենանք Պօղոս առաքեալին նման ըսել. «Այս կողմերը ա՛լ ինծի տեղ չկայ [«չքարոզուած թաղամաս չունիմ», ՆԱ]» (Հռով. 15։23)։

7. Դաշտի ծառայութեան խումբը առաջնորդելու նշանակուած անհատը ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։

7 Դաշտի ծառայութեան ժողովները վարել։ Այս ժողովին հոգ տանելու նշանակուած անհատը խորապէս կը յարգէ այս աստուածպետական կարգադրութիւնը՝ լաւ նախապատրաստուելով։ Այս ժողովները պէտք է ճիշդ ժամանակին սկսին, գործնական ու հակիրճ ըլլան, 10-15 վայրկեան տեւելով։ Ժողովը սկսելէն առաջ, վարիչը խումբին համար թաղամաս մը պէտք է ունենայ։ Թէեւ դաշտի ծառայութեան ժողովը աւարտելէն ետք ուշացող անհատներուն սպասելը անհրաժեշտ չէ, բայց խումբին ուղղուած վայրին նկատմամբ լուր ձգելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Անմիջապէս որ ժողովը վերջ գտնէ, բոլորը պէտք է նշանակուած թաղամասը ուղղուին։ Այն դաշտի ծառայութեան ժողովը, որ լաւ կազմակերպուած ու գործնական է, անկասկած բոլոր ներկաներուն պիտի տայ հարկ եղած ուղղութիւնը, որպէսզի գիտնան թէ այդ օրը իրենց ծառայութիւնը ի՛նչպէս պիտի կատարեն (Առ. 11։14)։

8. Դաշտի ծառայութեան ժողովին ներկայ եղողները ի՞նչ կերպերով կրնան վարիչին հետ համագործակցիլ։

8 Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Համագործակցութիւնը էական է (Եբ. 13։17)։ Երբ կարելի ըլլայ, խումբը կազմակերպողը պիտի աջակցի ոեւէ անհատի, որ ծառայութեան մէջ ընկերակիցի կարիք ունի։ Լաւ կ’ըլլայ որ փորձառու հրատարակիչներ ներկայ գտնուին, որպէսզի նոր ու անփորձ հրատարակիչներու կարենան օգնել։ Անոնք որոնք յօժար են՝ ատենը անգամ մը տարբեր անհատի հետ նշանակուելու, կրնան շատ օգտակար ըլլալ (Առ. 27։17. Հռով. 15։1, 2)։ Բոլորն ալ պէտք է ջանան ճշդապահ ըլլալ։ Այս աստուածպետական կարգադրութեան հանդէպ մեր յարգանքը եւ մեր գործակիցներուն հանդէպ մեր նկատառութիւնը, մեզ պիտի մղեն այս ուղղութեամբ հարկ եղած ճշդումները ընելու (Բ. Կոր. 6։3, 4. Փլպ. 2։4)։

9. Ռահվիրաները ի՞նչ թանկարժէք կերպերով կրնան այս կարգադրութեան թիկունք կանգնիլ։

9 Ռահվիրաներուն աջակցութիւնը։ Բոլորին համար թանկարժէք ու քաջալերական է ռահվիրաներուն աջակցութիւնը դաշտի ծառայութեան ժողովներուն։ Բացորոշ է որ ռահվիրաները շատ պատասխանատուութիւններ ունին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու եւ վերայցելութիւններ ընելու կողքին, անոնց առօրեայ յայտագրին մաս կը կազմեն ընտանեկան պատասխանատուութիւնները եւ աշխարհիկ գործը։ Հետեւաբար, ռահվիրաները պէտք չէ զգան թէ ստիպուած են ժողովքին կողմէ կազմակերպուած իւրաքանչիւր դաշտի ծառայութեան ժողովին թիկունք կանգնելու, մանաւանդ եթէ ժողովները ամէն օր տեղի կ’ունենան։ Սակայն հաւանաբար կարելի է, որ ռահվիրաները ամէն շաբաթ դաշտի ծառայութեան քանի մը ժողովներուն թիկունք կանգնին։ Դաշտի ծառայութեան ժողովները որոշ չափով մարզումի կեդրոն են, եւ ռահվիրաներուն հոգեւոր ենթահողն ու փորձառութիւնը կրնայ ուրիշներուն մեծապէս օգտակար ըլլալ։ Քարոզչութեան մէջ անոնց յարատեւութիւնը նպաստած է, որ ծառայութեան մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգեն, զոր կրնան ուրիշներուն հետ բաժնել։ Ծառայութեան եւ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նախանձախնդրաբար մասնակցելով, անոնք ընդօրինակուելու արժանի տիպարներ եղած են։ Իսկ ծառայութեան այս ժողովներուն մէջ իրենց բերած բաժինը մեծապէս գնահատելի է։

10. Ինչո՞ւ պատշաճ է, որ Թագաւորութեան բոլոր հրատարակիչները սրտանց այս կարգադրութեան թիկունք կանգնին։

10 Ինչպէս էր պարագան Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն, մեր Թագաւորութեան քարոզչութեան մեծ մասը կը կատարուի՝ տունէ տուն վկայելով։ Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նպատակն է՝ փոխադարձ քաջալերութիւն եւ այս գործին ազդուօրէն մասնակցիլ։ Բարի լուրի բոլոր հրատարակիչները, կարելի եղածին չափ պէտք է այս աստուածպետական կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնին (Գործք 5։42. 20։20)։ Բոլորս այս կարգադրութեան սրտանց աջակցինք։ Ասիկա ընելով, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի ճոխ օրհնութիւնը պիտի ստանանք եւ կրնանք մեր Առաջնորդին՝ Յիսուս Քրիստոսի սիրտը ուրախացնել, մինչ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք (Մատ. 25։34-40. 28։19, 20)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել