Դաշտի ծառայութեան ժողովները իրենց նպատակը կ’իրագործեն
1. Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նպատակը ի՞նչ է։
1 Առիթով մը, Յիսուս իր աշակերտներէն 70–ին հետ տեսնուեցաւ, առաջ որ անոնք քարոզչական արշաւի երթային (Ղուկ. 10։1, ԱԾ, 2-11)։ Ան զիրենք քաջալերեց յիշեցնելով որ առանձին չէին, եւ թէ ‘հունձքին Տէրը’՝ Եհովան զիրենք կ’ուղղէր։ Ան նաեւ տուաւ ուղղութիւններ, որոնք զիրենք պատրաստեցին այդ գործը կատարելու, եւ զիրենք կազմակերպեց՝ «երկու երկու» ղրկելով։ Ներկայիս ալ դաշտի ծառայութեան ժողովները նոյնանման նպատակի կը ծառայեն. մեզ քաջալերել, պատրաստել եւ կազմակերպել։
2. Դաշտի ծառայութեան ժողովը որքա՞ն պէտք է տեւէ։
2 Ներկայիս, դաշտի ծառայութեան ժողովը 10-15 վայրկեան կը տեւէ, որուն ընթացքին խումբերը կը կազմակերպուին, թաղամաս կը նշանակուի եւ աղօթք կը մատուցանուի։ Այս մէկը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի։ Ապրիլէն սկսեալ, դաշտի ծառայութեան ժողովը պիտի տեւէ 5-7 վայրկեան։ Բայց եթէ անիկա այլ ժողովքային հանդիպումէ մը ետք տեղի ունենայ, պէտք է նոյնիսկ աւելի կարճ տեւէ, քանի որ ներկաները արդէն իսկ աստուածաշնչական քննարկութիւն մը ունեցած են։ Կարճ դաշտի ծառայութեան ժողովներ ունենալով, բոլորս կարելիութիւնը պիտի ունենանք ծառայութեան աւելի՛ ժամանակ տրամադրելու։ Ասկէ զատ, եթէ ռահվիրաներ կամ հրատարակիչներ դաշտի ծառայութեան ժողովէն առաջ քարոզչութեան սկսած են, իրենց գործունէութեան ընդհատումը կարճ պիտի ըլլայ։
3. Դաշտի ծառայութեան ժողովները ինչպէ՞ս պէտք է դասաւորուին, որպէսզի հրատարակիչները անոնցմէ լաւագոյնս օգտուին։
3 Դաշտի ծառայութեան ժողովները պէտք է դասաւորուին, որպէսզի հրատարակիչները անոնցմէ լաւագոյնս օգտուին։ Շատ մը ժողովքներու մէջ, լաւ է որ դաշտի ծառայութեան խումբերը տարբեր վայրերու մէջ հաւաքուին, փոխանակ միեւնոյն վայրին մէջ հաւաքուելու։ Այսպէս, դաշտի ծառայութեան ժողովին վայրը եւ թերեւս թաղամասը հրատարակիչին տան մօտ պիտի ըլլայ եւ իրեն համար դիւրին պիտի ըլլայ հոն ուղղուիլ։ Նաեւ հրատարակիչները կրնան արագօրէն կազմակերպուիլ, եւ խումբերու տեսուչներուն համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ իրենց հոգատարութեան տակ եղողներուն մօտէն ուշադրութիւն ընծայել։ Երէցներու մարմինը կրնայ տեղական պարագաները նկատի առնել եւ ըստ այնմ որոշել թէ ի՛նչ է լաւագոյնը,– տարբեր վայրերու մէջ հաւաքուիլ կամ ոչ։ Նախքան կարճ աղօթքով մը ժողովը փակելը, բոլորը պէտք է գիտնան թէ ո՛ւր եւ որո՛ւ հետ պիտի ծառայեն։
4. Ինչո՞ւ դաշտի ծառայութեան ժողովը պէտք չէ նուազ կարեւոր սեպուի, քան՝ միւս ժողովները։
4 Միւս ժողովքային հանդիպումներէն նուազ կարեւոր չէ։ Քանի որ դաշտի ծառայութեան ժողովները տեղի կ’ունենան ծառայութեան մասնակցողներուն համար, ամբողջ ժողովքի անդամները ներկայ չեն գտնուիր։ Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ դաշտի ծառայութեան ժողովը պէտք է թեթեւի առնուի կամ նուազ կարեւոր սեպուի, քան՝ միւս ժողովքային հանդիպումները։ Մեր բոլոր ժողովներուն պէս, դաշտի ծառայութեան ժողովն ալ Եհովային կողմէ կարգադրութիւն մըն է, որ մեզ կարող կը դարձնէ մէկզմէկ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելու (Եբ. 10։24, 25)։ Ուստի վարիչը պէտք է լաւ պատրաստուած ըլլայ, որպէսզի քննարկութիւնը Եհովան պատուէ եւ ներկաները օգտուին։ Եթէ գործնական է, ծառայութեան մասնակցող հրատարակիչները պէտք է ջանք թափեն որ այս ժողովին ներկայ գտնուին։
5. ա) Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նկատմամբ ծառայութեան տեսուչին դերը ի՞նչ է։ բ) Քոյր մը ինչպէ՞ս դաշտի ծառայութեան ժողովը պէտք է վարէ։
5 Պատրաստութիւն վարիչին կողմէ։ Ժողովքային բաժին մը լաւ պատրաստելու համար, հարկ է որ անհատը իր նշանակումը կանխաւ ստանայ։ Նոյնն է պարագան դաշտի ծառայութեան ժողովներուն։ Անշուշտ, երբ դաշտի ծառայութեան խումբերը տարբեր վայրերու մէջ կը հաւաքուին, խումբին տեսուչը կամ անոր օգնականը կը վարէ ժողովը։ Սակայն, երբ ժողովքին խումբերը դաշտի ծառայութեան համար միեւնոյն վայրին մէջ հաւաքուին, վարիչը պիտի նշանակուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Ծառայութեան տեսուչներէն ոմանք բոլոր վարիչներուն կու տան յայտագիր մը եւ անկէ օրինակ մը կը դնեն տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ։ Երբ ծառայութեան տեսուչը վարիչներ կը նշանակէ, պէտք է լաւ դատողութիւն գործածէ, ի մտի ունենալով թէ այս ժողովին որակը նաեւ կախեալ պիտի ըլլայ վարիչին ուսուցանելու եւ կազմակերպելու կարողութենէն։ Եթէ կարգ մը օրեր երէց մը, օգնական ծառայ մը կամ այլ մկրտուած որակեալ եղբայր մը չկարենայ ներկայ գտնուիլ դաշտի ծառայութեան ժողովը վարելու, ծառայութեան տեսուչը պէտք է նշանակէ մկրտուած ատակ քոյր մը, որ ժողովը վարէ (տե՛ս «Երբ ժողովը քոյր մը վարէ» յօդուածը)։
6. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ նշանակուած վարիչը լաւ պատրաստուի։
6 Երբ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին կամ Ծառայութեան ժողովին մէջ նշանակում մը կը ստանանք, զայն լուրջի կ’առնենք եւ լաւ կը պատրաստուինք։ Նշանակում ունեցող անհատներէն քիչեր ժողովի ուղղուած ատեն կը մտածեն թէ իրենց բաժինը ինչպէ՛ս պիտի ներկայացնեն։ Դաշտի ծառայութեան ժողով մը վարելու նշանակումն ալ պէտք է լուրջի առնուի։ Հիմա որ դաշտի ծառայութեան ժողովը աւելի կարճ պիտի ըլլայ, լաւ պատրաստուիլը շատ կարեւոր է, որպէսզի ժողովը իմաստալից ըլլայ եւ ժամանակին վերջանայ։ Լաւ պատրաստուիլը նաեւ կը պարփակէ կանխաւ թաղամաս առնել։
7. Վարիչը ի՞նչ կարգ մը բաներ կրնայ քննարկել։
7 Ի՛նչ քննարկել։ Քանի որ պարագաները թաղամասէ թաղամաս կը տարբերին, հաւատարիմ ծառան իւրաքանչիւր դաշտի ծառայութեան համար յայտագիր չի հայթայթեր։ «Դաշտի ծառայութեան ժողովի մը ընթացքին կրնաս նկատի առնել» շրջանակը կարգ մը առաջարկներ կու տայ։ Ժողովը ընդհանուր առմամբ պիտի վարուի քննարկութեան ձեւով։ Ատեն–ատեն անիկա կրնայ պարփակել լաւ պատրաստուած ներկայացում մը կամ jw.org կայքէն յարմար տեսաերիզ մը։ Երբ վարիչը ժողովը կը պատրաստէ, պէտք է մտածէ թէ այդ օր ի՛նչ բան հրատարակիչները պիտի քաջալերէ եւ ծառայութեան պատրաստէ։
8. Ի՞նչ բան օգտաւէտ է քննարկել՝ շաբաթ եւ կիրակի օրերուն տեղի ունեցող դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ընթացքին։
8 Օրինակ, շաբաթ օրերը հրատարակիչներուն մեծամասնութիւնը կ’առաջարկէ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Շատեր միայն շաբաթ օրերը ծառայութեան կը մասնակցին, անոր համար թերեւս դժուարութիւն ունենան յիշելու այն ներկայացումը, որ փորձ ըրին իրենց Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյեան։ Ուստի օգտակար պիտի ըլլայ, որ վարիչը վերաքաղ ընէ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին վերջին էջին վրայ գտնուող ներկայացումի նմոյշներէն մէկը։ Վարիչը կրնայ նաեւ քննարկել, թէ ինչպէ՛ս պարբերաթերթը ներկայացնելու ատեն, կրնանք յիշել տեղական լուր մը, դէպք մը կամ տօն մը. կամ ինչպէ՛ս կրնանք յաջորդ այցելութեան ճամբան հարթել՝ եթէ տանտէրը պարբերաթերթերը ընդունի։ Եթէ դաշտի ծառայութեան ժողովի ներկաներէն ոմանք արդէն իսկ սկսած են այդ ամսուան պարբերաթերթերը առաջարկել, վարիչը կրնայ անոնցմէ խնդրել, որ հակիրճ առաջարկներ տան կամ քաջալերական փորձառութիւններ պատմեն։ Կիրակի օրերը, վարիչը թերեւս որոշէ նոյնանման բան մը ընել այդ ամսուան առաջարկուելիք հրատարակութիւններուն նկատմամբ։ Ուսումնասիրութեան հրատարակութիւնները, ինչպէս՝ Ուրախ լուրեր եւ Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկները եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, կրնանք որեւէ օր առաջարկել. ուստի դաշտի ծառայութեան մէկ ժողովին ընթացքին, վարիչը կրնայ հակիրճ կերպով նկատի առնել այս հրատարակութիւններէն մէկը ինչպէ՛ս առաջարկել։
9. Երբ շաբաթավերջին մասնայատուկ արշաւի մը կը մասնակցինք, ի՞նչ կարելի է քննարկել։
9 Եթէ շաբաթավերջին ժողովքը մասնայատուկ արշաւի մը կը մասնակցի, վարիչը կրնայ նկատի առնել թէ ինչպէ՛ս կարելի է հրաւիրագրին կամ թերթիկին կողքին՝ ընթացիկ պարբերաթերթերը առաջարկել, կամ կրնայ քննարկել թէ ի՛նչ պէտք է ընել եթէ անհատը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ։ Կամ ալ կրնայ պատմել այնպիսի փորձառութիւններ, որոնք այսպիսի արշաւներու կարեւորութիւնը ցցուն կ’ընեն։
10, 11. Դաշտի ծառայութեան ժողովը յաջողցնելու համար, ինչո՞ւ կարեւոր է որ հրատարակիչները պատրաստուին։
10 Պատրաստութիւն հրատարակիչներուն կողմէ։ Դաշտի ծառայութեան ժողովին ներկայ գտնուող հրատարակիչներն ալ կրնան անոր յաջողութեան նպաստել։ Ծառայութեան կանխաւ պատրաստուելով, թերեւս իրենց ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին, անոնք պիտի կարենան ուրիշ հրատարակիչներու հետ գաղափարներ փոխանակել։ Լաւ պատրաստուիլը նաեւ կը պարփակէ պարբերաթերթեր եւ հրատարակութիւններ ապահովել նախքան դաշտի ծառայութեան ժողովին երթալը, որպէսզի բոլորը կարենան թաղամաս ուղղուիլ առանց անտեղի ուշացումի։
11 Նաեւ կարեւոր է որ դաշտի ծառայութեան ժողովը սկսելէն քանի մը վայրկեան առաջ հասնինք։ Անշուշտ կը ջանանք բոլոր ժողովներուն ճիշդ ժամուն ներկայ գտնուիլ։ Սակայն դաշտի ծառայութեան ժողովին ուշ հասնիլը կրնայ ժողովը մասնաւորաբար խանգարել։ Ինչպէ՞ս։ Պատասխանատու եղբայրը խումբը կազմակերպելէն առաջ շատ մը ազդակներ նկատի կ’առնէ։ Եթէ թիւով քիչ հրատարակիչներ ներկայ են, ան թերեւս որոշէ բոլորը ղրկել թաղամաս մը, որ ամբողջովին չէ ծածկուած։ Եթէ ոմանք դաշտի ծառայութեան ժողովին քալելով եկան եւ թաղամասը հեռու է, վարիչը կրնայ իրենց ընկերակից նշանակել ինքնաշարժ ունեցող հրատարակիչներ։ Եթէ թաղամասը շրջանի մը մէջ է ուր շատ ոճրագործութիւն կայ, վարիչը կրնայ կարգադրութիւն ընել որ եղբայրները ծառայեն քոյրերուն հետ կամ անոնց մօտ։ Ֆիզիքական տկարութիւն ունեցող հրատարակիչներուն կարելի է նշանակել այնպիսի թաղամասեր, ուր տուները գետնայարկ են կամ քիչ աստիճաններ ունին։ Նոր հրատարակիչները կարելի է նշանակել աւելի փորձառու հրատարակիչներու հետ։ Բայց եթէ հրատարակիչները ժողովին ուշ հասնին, զանոնք պարփակելու համար, յաճախ վարիչը պիտի ստիպուի եղած կարգադրութիւնները ետ աչքէ անցընել կամ դարձեալ որոշել, թէ ո՛վ որուն հետ պիտի ծառայէ։ Անկասկած, երբեմն ուշանալու վաւերական պատճառ կ’ունենանք։ Բայց եթէ ուշանալը սովորութիւն դարձուցած ենք, մենք մեզի հարց տանք. դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նկատմամբ մեր գնահատանքը պակսա՞ծ է, կամ մեր գործունէութիւնները կանխաւ կարգի դնելու մէջ կը թերանա՞ք։
12. Եթէ ընդհանրապէս ծառայութեան համար անձնական կարգադրութիւններ կ’ընես, ի՞նչ բան կրնաս նկատի առնել։
12 Հրատարակիչները կա՛մ անձամբ կ’որոշեն իրենց ծառայակիցը ժողովէն առաջ, կամ ալ վարիչը կը նշանակէ իրենց ծառայակիցը։ Եթէ ընդհանրապէս անձնական կարգադրութիւններ կ’ընես, կրնաս ‘սիրտդ լայնցնել’ զանազան հրատարակիչներու հետ ծառայելով, փոխանակ ամէն անգամ միայն նոյն մտերիմ բարեկամներուդ հետ ծառայելու (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Կրնա՞ս ատեն–ատեն նոր հրատարակիչի մը հետ ծառայել, որպէսզի իրեն օգնես իր ուսուցանելու կարողութիւնը բարելաւելու (Ա. Կոր. 10։24. Ա. Տիմ. 4։13, 15)։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ քեզի տրուած ցուցմունքները, ներառեալ ուղղութիւններ՝ թէ ուրկէ պիտի սկսիս քարոզել։ Ժողովի աւարտին, եղած կարգադրութիւնները մի՛ փոխեր եւ անմիջապէս թաղամաս ուղղուէ։
13. Եթէ բոլոր ներկաները բծախնդիր են եւ իրենց բաժինը կը բերեն, դաշտի ծառայութեան ժողովները ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգտեն։
13 Ծառայութեան համար Յիսուսի կազմակերպած 70 անհատները «ուրախութեամբ դարձան» քարոզչութենէն (Ղուկ. 10։17)։ Անկասկած, քարոզչութեան ուղղուելէ առաջ Յիսուսի հետ իրենց հանդիպումը օգնեց, որ յաջող ծառայութիւն մը ունենան։ Ներկայիս ալ դաշտի ծառայութեան ժողովները կրնան օգտակար ըլլալ։ Եթէ բոլոր ներկաները բծախնդիր են եւ իրենց բաժինը կը բերեն, դաշտի ծառայութեան ժողովները մեզ պիտի քաջալերեն, պատրաստեն եւ կազմակերպեն, որպէսզի «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» տալու մեր յանձնարարութիւնը կատարենք (Մատ. 24։14)։
[Մէջբերում՝ էջ 4]
Դաշտի ծառայութեան ժողովները պէտք չէ թեթեւի առնուին կամ նուազ կարեւոր սեպուին, քան՝ միւս ժողովքային հանդիպումները
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Երբ վարիչը ժողովը կը պատրաստէ, պէտք է մտածէ թէ այդ օր ի՛նչ բան հրատարակիչները պիտի քաջալերէ եւ ծառայութեան պատրաստ դարձնէ
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Երբ ժողովը քոյր մը վարէ
Երբ դաշտի ծառայութեան ժողով մը կը վարէ, քոյր մը պէտք է գլուխը ծածկէ եւ նստած ըլլայ։ Ան պէտք է քննարկէ կէտեր, որոնք եղբայր մը պիտի քննարկէր։ Ան պէտք չէ տայ այն տպաւորութիւնը թէ ներկաները կ’ուսուցանէ, բայց կրնայ խմբային քննարկութեան սկիզբ տալ։ Եթէ ան ուրիշ մկրտուած քրոջմէ մը խնդրէ որ աղօթէ, այդ քոյրն ալ պէտք է իր գլուխը ծածկէ։ Եթէ մկրտուած եղբայր մը ժողովը սկսելէ ետք հասնի, բնական է որ քոյրը եղբօրմէն խնդրէ որ ժողովը ինք շարունակէ վարել։ Ծառայութեան տեսուչը պէտք է անակնկալ պարագաներ ակնկալէ եւ յարմար ուղղութիւններ տայ, որ ո՛չ ոք նեղ կացութեան մատնուի։ Օրինակ, թերեւս մկրտուած դեռատի եղբայր մը ներկայ ըլլայ ժողովի մը՝ ուր քոյր մը նշանակուած է որպէս վարիչ, բայց երէցները կը խորհին թէ եղբայրը տակաւին որակեալ չէ ժողովը վարելու։ Այս պարագային, ծառայութեան տեսուչը կրնայ ներկաներուն տեղեկացնել թէ նշանակուած քոյրը ժողովը պիտի վարէ, բայց եղբայրը աղօթքը պիտի մատուցանէ, եթէ ըստ երէցներուն ան աղօթելու որակեալ է։ Կամ կրնայ ըլլալ որ չափահաս եղբայր մը ներկայ է, որուն վրայ արգելքներ դրուած են ժողովներ վարելու կամ աղօթելու, որոնցմէ երէցները տեղեակ են։ Առանց գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցելու, երէցները պէտք է նշանակուած քրոջ լուր տան, որ նոյնիսկ եթէ այդ եղբայրը ներկայ գտնուի, ինք ժողովը պէտք է վարէ եւ աղօթէ։ Երէցները կրնան նաեւ այդ եղբօր տեղեկացնել թէ ո՛ր օրերը քոյրեր նշանակուած են դաշտի ծառայութեան ժողովը վարելու։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Դաշտի ծառայութեան ժողովի մը ընթացքին կրնաս նկատի առնել.
• Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ներկայացումի նմոյշ մը։
• jw.org կայքէն յարմար տեսաերիզ մը։
• Լաւ ներկայացումի մը մէկ երեսակը. ինչպէս՝ բացում ներկայացնել, վերայցելութեան ճամբան հարթել, կամ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը նշել՝ երբ անհատը հրատարակութիւն ընդունի։
• Ծառայութեան վերաբերեալ քաջալերական կամ ուսուցանող համար մը։
• Դաշտի ծառայութեան տեղական կամ հրատարակուած փորձառութիւն մը։
• Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէկ յօդուածէն տեղեկութիւն մը։
• Վերջերս նկատի առնուած Ծառայութեան ժողովի մէկ բաժինէն տեղեկութիւն մը։
• Ծառայութեան առնչուող տեղեկութիւն մը Դիտարան–էն։
• Ծառայութեան առնչուող տեղեկութիւն մը հետեւեալին նման հրատարակութիւններէ. Ծառայութեան դպրոց եւ «Եկուր իմ ետեւէս» գիրքերը։
• jw.org կայքէն երեսակ մը, որ կարելի է ծառայութեան մէջ գործածել։
• Նոր աշխարհի թարգմանութիւն Աստուածաշունչին մէկ երեսակը, որ կարելի է ծառայութեան մէջ գործածել։
• Ինչպէ՛ս խօսակցութիւն մը սկսիլ անաստուածի, բարեշրջականի, հինտուի կամ պուտտայականի մը հետ, որուն թերեւս հրատարակիչները հանդիպին թաղամասին մէջ։
• Խօսակցութիւնը ընդհատող հաւանական առարկութեան ինչպէ՛ս պատասխան տալ։
• Հրատարակիչները ինչպէ՛ս կրնան օգնել իրենց ծառայակիցին, որ դրան առջեւ աւելի ազդու ըլլայ։
• Ուրիշ լեզու խօսող անհատի մը ինչպէ՛ս պատասխանել։
• Ինչպէ՛ս մասնակցիլ մասնայատուկ ծառայութեան մէկ երեսակին, ինչպէս՝ փնտռտուքի աշխատանք, հեռաձայնով վկայել, հանրային վկայութիւն, վերայցելութիւններ կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։
• Ապահովութեան, դիւրաթեքութեան, լաւ վարքի, դրական կեցուածք ունենալու կամ ասոնց նման յիշեցումներ։