Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/01 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովները իրենց նպատակը կ’իրագործեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովներէն լիովին օգտուէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Օրուան համարը այլեւս դաշտի ծառայութեան ժողովներուն մէջ նկատի պիտի չառնուի
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 9/01 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ի՞նչ տեղեկութիւններ պէտք է ներկայացուին։

Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նպատակն է մեզի օգնել որ անոր յաջորդող գործունէութեան՝ ծառայութեան՝ վրայ կեդրոնանանք։ Հետեւաբար, վարիչը պէտք է լաւ նախապատրաստուի, որ քաջալերական, մասնայատուկ եւ գործնական բան մը հաղորդէ։ Եթէ օրուան համարը ուղղակիօրէն կապ ունի քարոզչութեան գործունէութեան հետ, կարելի է զայն կարդալ եւ հակիրճօրէն անոր մասին խօսիլ։ Սակայն, ժողովը գլխաւորաբար պէտք է կեդրոնանայ ծառայութեան վրայ, այդ օր վկայութեան գործին մասնակցող բոլոր անհատներուն օգնելով, որ իրենց ծառայութիւնը կատարելու աւելի լաւ պատրաստուած ըլլան։—Բ. Տիմ. 4։5

Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն գործնական կէտեր կարելի է նկատի առնել, որպէսզի բոլորն ալ ներկայացուելիք գրականութենէն եւ զայն ներկայացնելու կերպէն տեղեակ ըլլան։ Պարբերաթերթի Օրը կրնաք «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք» յօդուածէն ներկայացումներ ցուցադրել։ Այլ արշաւներու համար, կարելի է Պատճառաբանել գրքէն մէկ կամ երկու բացումներ ուշագրաւ դարձնել, որոնք տեղւոյն թաղամասին յարմար են։ Կարելի է ծառայութեան մէկ երեսակին մասին խօսիլ կամ զայն ցուցադրել, օրինակ՝ դրան առջեւ ի՛նչպէս Աստուածաշունչը գործածել, խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւններուն պատասխանել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ի՛նչպէս առաջարկել, կամ հետաքրքրութիւնը ի՛նչպէս հետապնդել։

Ծառայութեան ժողովները 10–էն 15 վայրկեանը պէտք չէ անցնին, ի ներառեալ խումբը կազմակերպելը, թաղամաս նշանակելը, եւ աղօթելը։ Ցրուելու ժամանակ, ամէն ոք պէտք է գիտնայ թէ ինք որո՛ւ հետ է եւ ո՛ւր պիտի երթայ, ապա անմիջապէս թաղամաս պէտք է մեկնին։ Ժողովին հակիրճ ըլլալուն ի տես, կարեւոր է որ ամէն ոք ճիշդ ժամանակին հասնի։ Երբ դաշտի ծառայութեան ժողովը ժողովքային հանդիպումէ մը ետք տեղի կ’ունենայ, ինչպէս՝ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ժողովը, անիկա աւելի հակիրճ պէտք է ըլլայ։ Պայման չէ օրուան համարը նկատի առնելը, քանի որ արդէն իսկ սուրբ գրային հոյակապ նիւթ մը քննարկուած է։

Որակելի եղբայրներ պէտք է նախապէս նշանակուին, դաշտի ծառայութեան իւրաքանչիւր ժողով վարելու համար։ Եթէ որոշ օր մը անոնք մատչելի պիտի չըլլան, երէցները պէտք է մկրտուած քոյրեր նշանակեն։ Մինչ նստած կը մնայ, քոյրը կրնայ խմբովին խօսակցութիւն մը սկսիլ, դաշտի ծառայութեան յարմար օրուան համարին կամ այլ կէտի մը մասին, իր մեկնաբանութիւնները հակիրճ պահելով։ Ան գլխու ծածկոց մը պէտք է դնէ։

Դաշտի ծառայութեան ժողովները հոյակապ պատեհութիւններ են, որպէսզի քաջալերուինք եւ ծառայութեան մասնակցելու համար զինուած ըլլանք։ Վարիչը ո՛րքան պատրաստուած ըլլայ, ա՛յնքան աւելի պիտի օգտուին բոլոր ներկաները։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել