Օրուան համարը այլեւս դաշտի ծառայութեան ժողովներուն մէջ նկատի պիտի չառնուի
Նախապէս՝ դաշտի ծառայութեան ժողովները կրնային պարփակել օրուան համարին հակիրճ քննարկութիւն մը, եթէ համարը կապ ունենար ծառայութեան հետ։ Այս մէկը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկը այլեւս պիտի չգործածուի որպէս քննարկութեան հիմ՝ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ընթացքին։ Ինչպէս որ էր առաջ, վարիչները կրնան օգտագործել Աստուածաշունչը, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, Ծառայութեան դպրոց գիրքը, Պատճառաբանել գիրքը եւ ծառայութեան հետ կապ ունեցող այլ նիւթեր։ Ժողովը վարելու նշանակուած անհատները պէտք է նախապատրաստուին, որպէսզի այդ օրը ծառայութեան գացողներուն օգնելու համար գործնական կէտեր հաղորդեն։ Ինչպէս էր անցեալին, ժողովին տեւողութիւնը 10-15 վայրկեան պէտք է ըլլայ եւ ոչ աւելի, իսկ եթէ ժողովքային հանդիպումէ մը ետք կը վարուի՝ աւելի կարճ պէտք է ըլլայ։