Առեւտրական Թաղամասի Մէջ Ի՛նչպէս Քարոզել
1. Առեւտրական թաղամասի մէջ վկայելուն կարգ մը առաւելութիւնները ի՞նչ են։
1 Կը փափաքի՞ս քարոզել թաղամասի մը մէջ, ուր մարդիկ սովորաբար այցելուները կ’ընդունին եւ յաճախ մարդոց կը հանդիպիս։ Ասիկա կրնաս ընել ժողովքի՛դ թաղամասին մէջ։ Ի՞նչպէս։ Հոն գտնուող առեւտրական հաստատութիւնները այցելելով։ Խանութէ խանութ վկայող հրատարակիչները յաճախ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն։
2. Առեւտրական թաղամասի մէջ վկայելը ի՞նչպէս կարելի է կազմակերպել։
2 Ժողովքներէն ոմանք առեւտրական շրջաններ ունին իրենց նշանակուած թաղամասին մէջ։ Թաղամասին հոգ տանող եղբայրը կրնայ այս առեւտրական շրջաններուն համար մասնայատուկ քարտեր պատրաստել։ Եթէ այլ թաղամասի քարտ մը պարփակէ առեւտրական շրջանէն մաս մը, քարտին վրայ յստակօրէն պէտք է նշել թէ այդ շրջանը թաղամասին չի պատկանիր։ Իսկ կարգ մը թաղամասերու մէջ, կարելի է այցելել թէ՛ բնակարանները եւ թէ առեւտրական հաստատութիւնները։ Եթէ առեւտրական թաղամասի մէջ բնաւ չես քարոզած, սկիզբը մի քանի փոքր խանութներու վկայէ։
3. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ազդու ըլլանք, երբ խանութէ խանութ վկայենք։
3 Պարզ Մօտեցում մը Գործածէ. Երբ խանութէ խանութ պիտի վկայես, կարեւոր է որ հագնիս այնպէս՝ ինչպէս պիտի հագնէիր Թագաւորութեան Սրահին մէջ գումարուած ժողովի մը համար։ Նաեւ լաւ կ’ըլլայ որ ընտրես այնպիսի ժամանակ մը, երբ խանութը խճողուած չ’ըլլար։ Եթէ կարելի է, մտիր երբ խանութը յաճախորդ չկայ։ Խնդրէ խօսիլ խանութպանին կամ պատասխանատու անհատին հետ։ Համառօտակի խօսէ ու անմիջապէս նիւթին անցիր։ Ի՞նչ կրնաս ըսել։
4-6. Ի՞նչպէս խանութպանի մը կրնանք վկայել։
4 Երբ խանութպանի մը խօսիս, կրնաս հետեւեալին նման բան մը ըսել. «Վաճառականները ա՛յնքան զբաղած կ’ըլլան որ յաճախ զանոնք տունը չենք գտներ, անոր համար քեզի կ’այցելենք խանութիդ մէջ։ Մեր պարբերաթերթերը նկատի կ’առնեն համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող ընթացիկ իրադարձութիւնները»։ Ապա մէկ պարբերաթերթէ համառօտ կէտ մը ցցուն ըրէ։
5 Կամ կրնաս սա պարզ մօտեցումը փորձել. «Շատեր կը փափաքին Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ, բայց շատ քիչ ժամանակ ունին։ Այս թերթիկը կը բացատրէ ուսումնասիրութեան ձրի յայտագիր մը, որ կրնայ քեզի օգնել Աստուածաշունչի մասին ունեցած հարցումներուդ պատասխանները գտնելու»։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկին 4-5–րդ էջերը։
6 Եթէ պատասխանատու անհատը զբաղած է, միայն թերթիկ մը ներկայացուր ու ըսէ. «Դարձեալ պիտի հանդիպիմ, երբ ա՛յսքան զբաղած չես ըլլար։ Կը փափաքիմ այս թերթիկին մասին կարծիքդ գիտնալ»։
7. Առեւտրական թաղամասի մէջ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը ի՞նչպէս կրնանք մշակել։
7 Ցուցաբերուած Հետաքրքրութիւնը Մշակէ. Առեւտրական թաղամասին մէջ կրնաս նոյնիսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Մասնաւոր ռահվիրայ մը կանոնաւորաբար պարբերաթերթեր կը տանէր վաճառականի մը։ Երբ մարդը իր կարդացածին հանդէպ գնահատութիւն յայտնեց, ռահվիրան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ցուցադրեց, գործածելով Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Ուսումնասիրութիւն մը հաստատուեցաւ մարդուն աշխատավայրին մէջ։ Պարագաները նկատի առնելով, ռահվիրան ամէն անգամ ուսումնասիրութեան տրամադրեց 10-15 վայրկեան։ Թող որ մենք ալ շարունակենք արժանաւորները փնտռել, առեւտրական թաղամասի մէջ վկայելով։