Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Առեւտրական շրջանի մէջ քարոզել
Ինչո՛ւ կարեւոր է։ Քանի որ շատեր երկար ժամեր կ’աշխատին, յաճախ Թագաւորութեան պատգամը իրենց հասցնելու լաւագոյն կերպն է իրենց գործատեղերը քարոզել։ Առեւտրական շրջանի մէջ քարոզելը կրնայ հաճելի եւ արդիւնաբեր ըլլալ, քանի որ հոն միշտ կարելի է մարդոց հանդիպիլ։ Ասկէ զատ, հոն աշխատաւորները մարդոց հետ քաղաքավար կերպով կը վարուին, խորհելով որ անոնք յաճախորդներ են։ Ազդու ըլլալու համար, հրատարակիչները պէտք է լաւ դատողութիւն գործածեն եւ իրենց հագուելակերպին եւ յարդարանքին մէջ օրինակելի ըլլան (Բ. Կոր. 6։3)։ Ուստի ծառայութեան տեսուչը պէտք է ուշադրութեամբ վերահսկէ, թէ առեւտրական շրջանները որքա՛ն յաճախ եւ որո՛նց կողմէ կը ծածկուին։
Ինչպէ՛ս քարոզել։
• Հակիրճ ներկայացում մը պատրաստէ։ Եթէ պաշտօնեային հետ երկար խօսինք, թերեւս յետագային մեզի թոյլ չտրուի իրեն հետ խօսելու։
• Այցելէ այնպիսի ժամանակ մը, երբ առեւտրական շրջանները նուազ զբաղած կ’ըլլան, օրինակ՝ օրուան սկիզբը։
• Ջանա՛ նախ պատասխանատու անհատին հետ խօսիլ։ Ջերմ եւ բարեկամական մօտեցում ունեցիր։ Կրնաս ըսել. «Մենք մարդոց կարճ այցելութիւն մը կու տանք իրենց գործատեղերուն մէջ, քանի որ զանոնք տունը գտնելը դժուար է»։ Հակիրճ ներկայացում մը ըրէ, եւ առաջարկէ թերթիկ մը, պարբերաթերթերը կամ այլ հրատարակութիւն մը։ Որպէսզի մարդիկ չկարծեն թէ մենք վաճառականութիւն կ’ընենք, լաւագոյն բանն է նուիրատուութեան կարգադրութիւնը չնշել, բացի եթէ մեզի հարցուի թէ մեր գործունէութիւնը ինչպէ՛ս կը ֆինանսաւորուի։
• Եթէ պատասխանատուն բարեկամական մօտեցում ցուցաբերէ, արտօնութիւն ուզէ հակիրճ կերպով խօսելու միւս պաշտօնեաներուն հետ։ Կարգ մը առեւտրական տեղեր աւելի լաւ է հարցնել, եթէ կրնաս որոշ հրատարակութիւններ ձգել հոն՝ ուր իրենք դադար կ’առնեն։
• Լաւ դատողութիւն գործածէ եւ դիւրաթեք եղիր։ Օրինակ՝ եթէ պաշտօնեայ մը յաճախորդի մը հետ կը խօսի կամ զբաղած է, սպասէ մինչեւ որ ազատ ըլլայ եւ ապա իրեն մօտեցիր։
Այս ամսուան ընթացքին, հետեւեալը փորձէ.
• Յաջորդ ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին փորձ ըրէ հակիրճ ներկայացում մը, որ կրնաս գործածել եթէ առեւտրական շրջանի մէջ կը քարոզես։