Մեր Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածենք
1 Երբ լրագրավաճառանոցի մը կը մօտենաք, ի՞նչ կը տեսնէք։ Պարբերաթերթեր։ Փողոցի մը անկիւնը գտնուող խանութի մը մէջ, ի՞նչ բան ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Պարբերաթերթեր։ Ի՞նչ բան կը ձգէ որ նամակի ցրուիչը ծռի իր թղթատարական պայուսակին ծանրութեան տակ։ Պարբերաթերթեր։ Ուստի, շատ մը մարդիկ ի՞նչ կը կարդան։ Պարբերաթերթեր։ Փորձագիտանքներ ցոյց տուած են թէ 10–18 տարեկան պատանիներէն ամէն 10–էն 9–ը անհատներ ամէն ամիս առնուազն մէկ պարբերաթերթ կը կարդան, իսկ չափահասներուն մէջ համեմատութիւնը նոյնն է։ Աշխարհը հետաքրքրուած է պարբերաթերթերով։
2 Պարկեշտ սրտով անհատներուն կրնա՞նք օգնել որ հետաքրքրուին Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերով։ Այո, եթէ ՄԵ՛ՆՔ հետաքրքրուած ենք Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերով։ Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել։ Նկատի առէք հետեւեալ թելադրութիւնները.
◼ Պարբերաթերթերը Կարդացէք. Ճամբորդող տեսուչ մը տեղեկագրեց թէ, միջին հաշուով, իր շրջանին մէջ ամէն երեք հրատարակիչներէն միայն մէկը կողքէ կողք կը կարդայ Դիտարանի եւ Զարթի՛րի իւրաքանչիւր թիւը։ Դուք կը կարդա՞ք։ Մինչ կը կարդաք իւրաքանչիւր յօդուած, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ո՞վ պիտի գնահատէ այս տեղեկութիւնները—մայր մը, երեւութապաշտ մը, առեւտրական մը, պատանի մը’։ Ձեր անձնական օրինակին մէջ նշան դրէք մէկ կամ երկու կէտերու վրայ, զորս կրնաք գործածել երբ պարբերաթերթը կը ներկայացնէք։ Յետոյ խորհեցէք թէ ի՛նչպէս կրնաք միայն մէկ կամ երկու նախադասութիւններով հետաքրքրութիւն արթնցնել նիւթին մասին։
◼ Պարբերաթերթի Հաստատ Ապսպրանք մը Ունեցէք. Իւրաքանչիւր թիւէն որոշ քանակի համար իրապաշտական ապսպրանք մը տուէք պարբերաթերթերուն հոգ տանող եղբօր։ Այս կերպով, դուք եւ ձեր ընտանիքը պիտի ունենաք պարբերաթերթերու կանոնաւոր եւ բաւարար քանակ մը։
◼ Յայտագրեցէք Կանոնաւոր Պարբերաթերթի Օր մը. Շատ մը ժողովքներ որոշ օր մը յատկացուցած են գլխաւորաբար պարբերաթերթերով վկայելու համար։ Կրնա՞ք թիկունք կանգնիլ ժողովքի Պարբերաթերթի Օրուան։ Եթէ ոչ, փորձեցէք պարբերաբար ծառայութեան ժամանակէն մաս մը գործածել փողոցի մէջ պարբերաթերթերով վկայելու համար եւ պարբերաթերթերը անձամբ բաշխելու համար, թէ՛ դռնէ դուռ եւ թէ երբ անհատներու կանոնաւորաբար պարբերաթերթ կը տանիք։
◼ «Դիտարան» եւ «Զարթի՛ր» Պարբերաթերթերով Հետաքրքրուցէք. Ձեր հետ պարբերաթերթեր առէք երբ կը ճամբորդէք կամ գնում կ’ընէք։ Զանոնք ներկայացուցէք երբ կը խօսակցիք գործակիցներու, դրացիներու, դասընկերներու կամ ուսուցիչներու հետ։ Զոյգ մը որ յաճախ օդանաւով կը ճամբորդէ, ընթացիկ պարբերաթերթերէն կէտ մը կը գործածէ որպէսզի խօսակցութիւն մը սկսի իր կողքին նստած ճամբորդին հետ։ Անոնք շատ մը բերկրալի փորձառութիւններ վայելած են։ Պատանիներէն ոմանք կանոնաւորաբար դպրոց կը բերեն այնպիսի յօդուածներ որոնք կրնան հետաքրքրել իրենց ուսուցիչները կամ դասընկերները։ Ձեր հետ պարբերաթերթեր առէք երբ գործի համար կարճ ճամբորդութիւն մը կ’ընէք, եւ զանոնք վաճառականներուն ներկայացուցէք ձեր գործը լրացնելէ ետք։ Մեզմէ շատեր կանոնաւորաբար քարիւղ կը գնեն. ինչո՞ւ պարբերաթերթերը չներկայացնէք կազի կայանի պաշտօնեային։ Զանոնք ձեռքի տակ պահեցէք երբ ազգականներ կ’այցելեն, երբ հանրային փոխադրութեան միջոց կը գործածէք կամ երբ ժամադրութեան մը համար կը սպասէք։ Կրնա՞ք խորհիլ ուրիշ յարմար առիթներու մասին։
◼ Պարբերաթերթի Հակիրճ Ներկայացում մը Պատրաստեցէք. Ծրագրեցէք ըսել միայն քիչ բան, բայց լաւ կերպով ըսէք։ Խանդավառ եղէք։ Սրտին կոչ ըրէք։ Մասնայատուկ եղէք։ Յօդուածէ մը մէկ գաղափար ընտրեցէք, զայն մի քանի բառերով արտայայտեցէք եւ պարբերաթերթերը ներկայացուցէք։ Լաւագոյն ներկայացումը այն է որ հետաքրքրական նիւթի մը մասին հարցում մը կը յարուցանէ, ապա յօդուածի մը կը մատնանշէ որ սուրբ գրային պատասխանը կու տայ։ Նկատի առէք մի քանի օրինակներ թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է ընել.
3 Եթէ ուշագրաւ կը դարձնէք յօդուած մը ոճիրի յաւելման մասին, կրնաք հարցնել.
◼ «Ի՞նչ բանի կարիքը կայ որպէսզի կարենանք գիշերը քնանալ առանց ոճիրէն վախնալու»։ Տանտէրը թերեւս յոռետես է իրերը բարելաւուելու նկատմամբ։ Կրնաք պատասխանել թէ շատ մը մարդիկ նոյնպէս կը զգան, եւ աւելցուցէք թէ որոշ տեղեկութիւններ ունիք որոնք կրնան զինք հետաքրքրել։ Ապա ակնարկեցէք յարմար կէտի մը յօդուածին մէջ։
4 Երբ ընտանեկան կեանքի մասին յօդուած մը կը ներկայացնէք, կրնաք ըսել.
◼ «Շատ մը մարդիկ կը նկատեն որ այս օրերուն ապրուստ ճարելը եւ ընտանիք կազմելը իրական մարտահրաւէր մըն է։ Այս նիւթին մասին կարգ մը գիրքեր գրուած են, բայց նոյնիսկ մասնագէտները չեն համաձայնիր մեր խնդիրներուն լուծումներուն նկատմամբ։ Տեղ մը կա՞յ որու կրնանք դիմել վստահելի առաջնորդութիւն ստանալու համար»։ Ապա մատնանշեցէք մասնայատուկ մեկնաբանութեան մը պարբերաթերթին մէջ, որ կ’ապացուցանէ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած իմաստութիւնը։
5 Կրնաք այս մօտեցումը գործածել երբ ցցուն կ’ընէք յօդուած մը ընկերային խնդրի մը մասին.
◼ «Այսօր մարդոց մեծամասնութիւնը ճնշումի տակ է։ Աստուած երբեք մտադրած չէր որ մենք այս կերպով ապրէինք»։ Ապա ցոյց տուէք թէ ինչպէս Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տեղեկութիւնները յօդուածին մէջ կրնան մեզի օգնել որ հիմա գլուխ ելլենք կեանքի խնդիրներուն հետ եւ յոյս հայթայթել ապագային մնայուն լուծումի մը համար։
6 Ի՞նչ ըսենք նուիրատուութիւններուն մասին։ Որպէսզի գնահատող անհատներուն տեղեակ պահէք թէ ինչպէս կրնան օժանդակել, կրնաք ըսել. «Թէեւ մեր գրականութիւնները ձրիաբար կը մատուցուին, կ’ընդունինք համեստ նուիրատուութիւններ մեր աշխարհածաւալ գործին համար»։
7 Փողոցի Վկայութիւնը Ազդեցիկ Է. Յունուար 1940 Տեղեկատու (Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը) թերթիկին մէջ էր որ առաջին անգամ ըլլալով հրատարակիչներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ իւրաքանչիւր շաբաթ մասնաւոր օր մը յայտագրեն փողոցի վկայութեան համար, պարբերաթերթերը գործածելով։ ժամանակ առ ժամանակ փողոցի վկայութեան միջամուխ կ’ըլլա՞ք։ Եթէ կը մասնակցիք, ձեր գործածած կերպը իրապէս ազդեցի՞կ է։ Նկատուած է որ կարգ մը հրատարակիչներ խճողուած փողոցի մը անկիւնը կը կենան, իրարու հետ կը խօսակցին մինչ շատ մը մարդիկ իրենց քովէն աննշմար կ’անցնին։ Փոխանակ պարբերաթերթերը բռնած քով քովի կենալու, աւելի ազդեցիկ է իրարմէ անջատուիլ եւ մարդոց մօտենալ։ Օտարները կարելի է որ կանգ առնեն եւ հակիրճօրէն մտիկ ընեն եթէ միայն մէկ անհատ իրենց մօտենայ, բայց անցորդներէն քիչեր նախաձեռնութիւնը պիտի առնեն որ մօտենան խումբի մը որ խօսակցութեամբ տարուած է։ Քանի որ շատ ուշադրութիւն կը գրաւենք փողոցին մէջ, մասնաւոր կարիք կայ որ լաւ յարդարուինք եւ պատշաճօրէն հագուինք ինչպէս որ կը վայելէ Աստուծոյ ծառաներուն։—Ա. Տիմ. 2։9, 10
8 Պարբերաթերթերով Կանոնաւորաբար Այցելել. Պարբերաթերթերով կանոնաւորաբար այցելողները շատ պարբերաթերթեր կը տեղաւորեն թէեւ թաղամասերը յաճախակի կը ծածկուին։ Պարբերաթերթերով կանոնաւորաբար այցելելը հոյակապ աղբիւր մըն է տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու։
9 Երբ կանոնաւորաբար կը վերայցելէք պարբերաթերթերը յանձնելու համար, ձեր եւ տանտիրոջ միջեւ մտերմութիւնն ու բարեկամութիւնը պիտի աճի։ Որքա՛ն աւելի քաջածանօթ ըլլաք, այնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ սուրբ գրային նիւթերու մասին խօսակցիք։ Ասիկա կրնայ առաջնորդել որ արդիւնաբեր տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսիք։ Բաժանորդագրութիւն առաջարկեցէք այն վերայցելութիւններուն ուր բացայայտ գնահատութիւն կայ պարբերաթերթերուն հանդէպ։ Իսկ յիշեցէք որ վերայցելութիւն մը տեղեկագրէք իւրաքանչիւր անգամ որ տանտիրոջ կը հանդիպիք։
10 Քոյր մը կանոնաւորաբար պարբերաթերթեր կը տանէր կնոջ մը որ միշտ կ’ընդունէր զանոնք բայց կ’ըսէր. «Չեմ հաւատար ինչ որ ինծի կ’ըսէք»։ Այցելութեան մը ատեն, քոյրը հանդիպեցաւ կնոջ ամուսինին։ Բարեկամական խօսակցութենէ մը ետք, կարգադրութիւններ եղան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Քոյրը բարեկամացաւ կնոջ երեք տղաքներուն հետ որոնք սկսան ուսումնասիրութեան մասնակցիլ։ Վերջապէս, մայրը եւ իր տղաքը իրենց կեանքերը Եհովայի նուիրեցին եւ մկրտուեցան։ Ներկայիս, ընտանիքէն 35 անդամներ ճշմարտութիւնը ընդունած են։ Այս արդիւնքը ձեռք ձգուեցաւ որովհետեւ քոյրը շարունակեց պարբերաթերթերով կանոնաւորաբար այցելել։
11 Պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ սկսելու համար շատ մը կերպեր կան։ Կրնաք այսպիսի այցելութիւններ սկսիլ պարզապէս արձանագրութիւն մը պահելով տեղաւորումներուն մասին եւ կարգադրութիւն ընելով որ վերադառնաք ամենավերջին թիւերով ամէն երկու շաբաթ անգամ մը։ Կերպերէն մէկն է գործածել «Մեր Յաջորդ Թիւին մէջ» խորագրին տակ եղած տեղեկութիւնները։ Երբ կը վերադառնաք, ըսէք տանտիրոջ թէ նախապէս ձեր յիշած յօդուածը բերած էք։ Կամ, երբ կը վերայցելէք, կրնաք ըսել. «Երբ այս յօդուածը կարդացի, միտքէս անցաւ որ կրնայ քեզ հետաքրքրել . . . »։ Յետոյ մի քանի հակիրճ մեկնաբանութիւններ ըրէք յօդուածին մասին եւ զայն ներկայացուցէք։ Երբ այցելութիւնը կը վերջացնէք, ձեր տունէ–տուն արձանագրութեան մէջ հինգ պարզ կէտեր նոթագրեցէք. (1) տանտիրոջ անունը, (2) տանտիրոջ հասցէն, (3) այցելութեան թուականը, (4) տեղաւորուած թիւերը եւ (5) ներկայացուած յօդուածը։ Հրատարակիչներէն ոմանք մեծապէս յաջողած են պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ ունենալու մէջ, կուտակելով մինչեւ 40 կամ աւելի այցելութիւններ իրենց ցանկին մէջ։
12 Առեւտրական Թաղամաս. Շատ պարբերաթերթեր կը տեղաւորուին այն հրատարակիչներու կողմէ որոնք առեւտրական թաղամաս կ’աշխատին։ Վաճառատունէ–վաճառատուն ծառայութիւնը փորձա՞ծ էք։ Տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ կարգ մը ժողովքներու մէջ, ծաառայութեան այս երեսակին մասնակցիլը սահմանափակ է։ Սկիզբը, ոմանք կը վարանին առեւտուր ընող մարդոց այցելել, բայց մի քանի անգամ զայն փորձելէ ետք, կը տեսնեն որ ան թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ վարձահատոյց է։ Ինչո՞ւ չխնդրէք փորձառու հրատարակիչէ կամ ռահվիրայէ մը որ ձեզի օգնէ որ սկսիք։
13 Վաճառատունէ վաճառատուն ծառայելը կարգ մը առաւելութիւններ ունի։ Շատ քիչ տունը–չեղողներ կան, առնուազն գործի ժամերուն ընթացքին։ Առեւտուր ընող մարդիկը սովորաբար քաղաքավար են, նոյնիսկ եթէ յատկապէս հատաքրքրուած չեն Աստուածաշունչով։ Առտու կանուխ սկսեցէք. հաւանաբար աւելի լաւ պիտի ընդունուիք։ Դուք ձեզ ներկայացնելէ ետք, կրնաք ըսել թէ առեւտուր ընող մարդիկ հազուագիւտօրէն տունը կը գտնէք, հետեւաբար անոնց կ’այցելէք իրենց գործատեղիին մէջ միայն մի քանի վայրկեան, որպէսզի ներկայացնէք Դիտարանի եւ Զարթի՛րի ամենավերջին թիւերը։ Մատնանշեցէք թէ շատ մը առեւտրականներ կը գնահատեն մեր պարբերաթերթերը, որովհետեւ կ’ուզեն աշխարհի ընթացիկ դէպքերէն տեղեակ ըլլալ, բայց քիչ ժամանակ ունին կարդալու։ Պարբերաթերթերը միտք գրգռող տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն թարմ տեսանկիւնէ դիտուած, առանց կրօնական, քաղաքական կամ առեւտրական կողմնակցութեան։ Պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ կարելի է զարգացնել առեւտրական թաղամասին մէջ գտնուող հետաքրքրուած անհատներու հետ։
14 Ընտանեօք Նախապատրաստուեցէք. Ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին կրնաք որոշ ժամանակ տրամադրել նկատի առնելու համար թէ վերջին պարբերաթերթերէն ո՛ր յօդուածները կրնան յարմար ըլլալ ձեր թաղամասին մէջ գործածուելու։ Ընտանիքի անդամները—զաւակները ներառեալ—կրնան կարգով փորձ ընել իրենց ներկայացումները եւ ի՛նչպէս կը յաղթահարեն սովորական առարկութիւնները որոնք կը յարուցուին, զոր օրինակ՝ «Զբաղած եմ», «Մենք մեր կրօնքը ունինք» կամ «Հետաքրքրուած չեմ»։ Լաւ համագործակցութիւնը կարելի կը դարձնէ որ ամբողջ ընտանիքը կանոնաւորաբար մասնակցի պարբերաթերթերու բաշխումին։
15 Գրքի Ուսումնասիրութեան Վարիչները Կրնան Օգնել. Երբոր գործնական է, յայտագրեցէք Պարբերաթերթի Օրուան ծառայութեան ժողովները գրքի ուսումնասիրութեան վայրերուն մէջ, փոխանակ ամբողջ ժողովքը հաւաքելու Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Դաշտի ծառայութեան ժողովներ վարողները պէտք է պատրաստեն մասնայատուկ թելադրութիւններ խումբին համար։ Ասիկա կրնայ պարփակել օրինակելի ներկայացում մը եւ ընթացիկ թիւերէն մէկ կամ երկու կէտեր, զորս կարելի է տեղականօրէն գործածել հետաքրքրութիւն շարժելու համար։ Դաշտի ծառայութեան ժողովները—խումբը կազմակերպելը ներառեալ—պէտք է կարճ ըլլան, տեւելով ոչ աւելի քան 10–էն 15 վայրկեան։ Ուսումնասիրութեան վարիչները պէտք է վստահ ըլլան որ բաւարար թաղամաս կայ որպէսզի խումբը զբաղած մնայ դաշտի ծառայութեան ամբողջ ժամանակամիջոցին։
16 Պարբերաթերթերը Գնահատեցէք. «Դիտարանն ու Զարթի՛րը Օգտագործենք» յօդուածը որ հրատարակուեցաւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Յուլիս 1993–ի թիւին մէջ, հետեւեալ կարեւոր կէտը յիշեց. «Դիտարանը եւ Զարթի՛րը իրենց արժէքը չեն կորսնցներ, նոյնիսկ եթէ չեն տեղաւորուած իրենց թիւին թուականէն մէկ կամ երկու ամիս ետք։ Անոնց բովանդակած տեղեկութիւնները ժամանակի ընթացքին նուազ կարեւոր չեն ըլլար։ . . . Թոյլ տալը որ հին պարբերաթերթերը դիզուին եւ զանոնք բնաւ չգործածելը գնահատանքի պակաս ցոյց կու տայ այս արժէքաւոր գործիքներուն հանդէպ։ . . . Քան թէ հին թիւերը մէկ կողմ դրուին ու մոռցուին, աւելի լաւ չէ՞ որ մասնաւոր ճիգ թափուի զանոնք տեղաւորելու հետաքրքրուած անհատներու հետ»։
17 Այսօր պարկեշտ սրտով բազմաթիւ անհատներ կան որոնք ճշմարտութիւնը կը փնտռեն։ Պարբերաթերթի մը բովանդակած տեղեկութիւնները կրնան անոնց ճիշդ պէտք ունեցածը ըլլալ որպէսզի ճշմարտութեան առաջնորդուին։ Եհովա մեզի տուած է յայտարարուելիք խայտալի պատգամ մը, եւ մեր պարբերաթերթերը կենսական դեր մը կը խաղան պատգամը ուրիշներու հասցնելու մէջ։ Աւելի արթուն պիտի ըլլա՞ք պարբերաթերթերը բաշխելու առնչութեամբ գալիք օրերուն մէջ։ Այս թելադրութիւններէն մաս մը պիտի կիրարկէ՞ք այս շաբաթավերջին։ Եթէ կիրարկէք, առատապէս պիտի օրհնուիք։
Գործնական Թելադրութիւններ.
◼ Պարբերաթերթերը առաջուընէ կարդացէք եւ յօդուածներուն քաջածանօթ եղէք։
◼ Ընտրեցէք յօդուած մը որ նկատի կ’առնէ բան մը որ ընդհանուր առմամբ հետաքրքրական է ձեր համայնքին մէջ։
◼ Ներկայացում մը պատրաստեցէք որ յարմար պիտի ըլլայ զանազան անհատներու, ըլլան այրեր, կիներ կամ պատանիներ։ Ցոյց տուէք թէ պարբերաթերթը ի՛նչպէս կը վերաբերի տանտիրոջ եւ ի՛նչպէս ամբողջ ընտանիքը անկէ հաճոյք պիտի առնէ։
◼ Ծրագրեցէք դաշտի ծառայութեան գործունէութեան մասնակցիլ երբ մարդոց մեծամասնութիւնը տուն կը գտնուի։ Կարգ մը ժողովքներ կարգադրութիւն կ’ընեն որ պարբերաթերթերով երեկոյեան վկայութեան մասնակցին։
◼ Ձեր ներկայացումը շեշտակի եւ կարճ պահեցէք։
◼ Շատ արագ մի խօսիք։ Եթէ ձեր ունկնդիրը հետաքրքրուած չէ, աւելի արագ խօսիլը պիտի չօգնէ։ Փորձեցէք հանդարտ ըլլալ եւ տանտիրոջ առիթ տուէք որ պատասխանէ։
Տունէ Տուն Ծառայելով Պարբերաթերթեր Ներկայացնել.
◼ Բարեկամական ժպիտ մը ունեցէք եւ ազնուօրէն խօսեցէք։
◼ Պարբերաթերթերուն նկատմամբ խանդավառ եղէք։
◼ Դանդաղօրէն եւ յստակօրէն խօսեցէք։
◼ Միայն մէկ նիւթի մասին խօսեցէք. հակիրճօրէն հետաքրքրութիւն շարժեցէք եւ տանտիրոջ համար անոր արժէքը ցոյց տուէք։
◼ Միայն մէկ յօդուած ուշագրաւ դարձուցէք։
◼ Միայն մէկ պարբերաթերթ ցցուն ըրէք, միւսը իբրեւ ընկերակից ներկայացնելով։
◼ Պարբերաթերթերը տանտիրոջ յանձնեցէք։
◼ Տանտիրոջ տեղեկացուցէք թէ կը ծրագրէք վերադառնալ։
◼ Եթէ պարբերաթերթերը մերժուին, բարեկամական եւ դրական կերպով եզրափակեցէք։
◼ Ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնները եւ տեղաւորումները նոթագրեցէք տունէ–տուն արձանագրութեան մէջ։
Պարբերաթերթեր Տեղաւորելու Պատեհութիւններ.
◼ Տունէ–տուն վկայութիւն
◼ Փողոցի վկայութիւն
◼ Վաճառատունէ–վաճառատուն ծառայութիւն
◼ Պարբերաթերթերով կանոնաւորաբար վերայցելել
◼ Երեկոյեան վկայութիւն
◼ Վերայցելութիւններու ժամանակ
◼ Աստուածաշունչի նախկին աշակերտներ այցելել
◼ Ճամբորդելու եւ գնում ընելու ատեն
◼ Ազգականներու, գործակիցներու, դրացիներու, դասընկերներու, ուսուցիչներու հետ խօսակցելու ժամանակ
◼ Հանրային փոխադրութեան միջոց գործածելու ատեն եւ սպասման սենեակներու մէջ