ԺԱՄԱՆԱԿ ՅԱՏԿԱՑՆԵՆՔ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1 Եհովա որոշած է որ իր ճամբաներուն հետեւողները ‘բարօրութիւն, ապագայ մը եւ յոյս մը’ պիտի վայելեն։ (Երեմ. 29։11) Այս հեռանկարին մասին այժմէական կերպով տեղեկութիւններ ներկայացուած են Դիտարանին ու Զարթի՛րին մէջ։ Այս պարբերաթերթերը կրնան օգտել ամէն տեսակ մարդոց որեւէ պարագայի ներքեւ։ (Ա. Տիմ. 2։4) Արդեօք դուք եւ ձեր ընտանիքը կը ծրագրէ՞ք պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար բաշխելու համար։
2 Եթէ ձեր պարբերաթերթերու տեղաւորումը կը նուազի, ինչպէ՞ս կարելի է այս հակումը դարմանել։ Կենսական քայլերէն մէկն է վառ պահել ձեր գնահատանքը մեր պարբերաթերթերուն բովանդակութեան հանդէպ։ Անհատ մը գրեց. «Ձեր պարբերաթերթերը կարդալը իրապէս հաճոյալի փորձառութիւն մըն է։ Անոնք աժան, ցածորակ ‘մխիթարիչներ’ չեն, այլ՝ առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն կը բովանդակեն թէ ինչպէս կեանքը իմաստալից դարձնենք»։ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը բծախնդիր հետազօտութեան արդիւնքն են եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթումներն են։ (Մատթ. 24։45) Անոնք ազդեցիկ միջոցներ են մարդոց սրտերուն հասնելու։
3 Ձեր ներկայացուցած պարբերաթերթերուն յօդուածներուն քաջածանօթ եղէք։ Փնտռեցէք կէտեր որոնք կապ ունին ընթացիկ խնդիրներու հետ ձեր ընկերութեան մէջ։ Լաւ կ’ըլլայ որ նախապատրաստուիք խօսակցելու համար այրերու, կիներու եւ պատանիներու հետ, որոնց կարելի է որ հանդիպիք շատ մը առիթներով։ Պատրաստուած եղէք ցոյց տալու թէ ինչպէս պարբերաթերթերը առնչութիւն ունին թէ՛ անհատներու եւ թէ ընտանիքներու հետ։
4 Պարբերաթերթերուն Նկատմամբ Արթուն Եղէք. Պարբերաթերթերը բաշխելը պէտք է կարեւոր բաժին մը գրաւէ ձեր դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ձեզի համար ե՞րբ են լաւագոյն ժամանակները պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար։ Փորձա՞ծ էք պարբերաթերթ մը տեղաւորել մինչ անպաշտօնօրէն կը վկայէք։ Ի՞նչ ըսել ձեր վերայցելութիւններուն ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն մասին։ Ամէն առիթ կ’օգտագործէ՞ք յարմար պարբերաթերթ մը տեղաւորելու ձեր վերայցելութեան կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան։ Բոլորս ալ պէտք է կանոնաւոր բաժին մը ունենանք պարբերաթերթերը բաշխելուն մէջ։
5 Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է պարբերաթերթերուն իւրաքանչիւր թիւէն մնայուն խնդրանք մը ունենայ բաշխուելիք օրինակներուն համար։ Երբ պատահի որ հին թիւեր ունիք ձեռքի տակ, կրնաք զանոնք գործածել տանուտէրներուն ցոյց տալու պարբերաթերթերուն մէջ նկատի առնուած նիւթերուն այլազանութիւնը։ Այս բոլոր պարբերաթերթերը կարելի է հաշուել որպէս տեղաւորումներ եւ ամէն ամիս պէտք է տեղեկագրուին ձեր Դաշտի Ծառայութեան Տեղեկագրին մէջ։
6 Վերոյիշեալ թելադրութիւնները կիրարկելով, անկասկած պիտի տեսնէք յաւելում մը ձեր տեղաւորած պարբերաթերթերուն թիւին մէջ։ Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները որոնք ծանրաբեռնուած են ապրելով ներկայ չար դրութեան ներքեւ, կը գնահատեն Դիտարանի եւ Զարթի՛րի մէջ եղած սփոփիչ տեղեկութիւնները։ Այս պարբերաթերթերը իրապէս կը հայթայթեն հոգեւոր սնունդը որու կարիքը ունին անոնք որոնք կը փնտռեն Եհովայի հաճութիւնը ձեռք ձգել։ Հետեւաբար, պարբերաթերթերուն նկատմամբ արթուն եղէք եւ կերպեր փնտռեցէք աւելցնելու համար այս արժէքաւոր գրականութիւններու բաշխումը ձեր թաղամասին մէջ։