Պարբերաթերթերը Թագաւորութիւնը կը Ծանուցանեն
1 Որպէս Եհովայի Վկաներ, հանրածանօթ ենք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մեր նախանձախնդիր քարոզչութեամբ։ Մեր բաշխած Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը զօրաւոր դեր մը կը խաղան, միլիոնաւոր անհատներու օգնելով որ Աստուծոյ նպատակներուն մասին սորվին։ Անոնց բովանդակած պատգամը իրապէս բարի լուր մըն է, քանի որ անիկա Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը կը ծանուցանէ որպէս մարդկութեան միակ յոյսը։
2 Պարբերաթերթերը նկատի կ’առնեն մարդոց զգացական, ընկերային եւ հոգեւոր իսկական կարիքները։ Մինչ ամէնուրեք բարոյական եւ ընտանեկան արժէքները փուլ կու գան, Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը կ’օգնեն մարդոց, որ իրենց կեանքի որակը բարելաւեն, անոնց ցոյց տալով Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու կերպը։ Մեր առանձնաշնորհումը պիտի ըլլայ՝ Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու ընթացքին Դիտարան պարբերաթերթը ներկայացնել։
3 Անոնք Իսկական Գրաւչութիւն մը Ունին. Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը մատչելի են գրեթէ բոլոր աշխարհի բնակչութեան լեզուներով։ Այս պատճառաւ, մեր պարբերաթերթերը հանրածանօթ են։ Հետեւեալ կարգ մը պատճառներով անոնք մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւեն.
◼ Որպէս ուղղամտութեան եւ ճշմարտութեան պարբերաթերթեր, անոնք բացայայտօրէն ցոյց կու տան բարիի եւ չարի տարբերութիւնը։
◼ Անոնք գալիք արդար դրախտի մը յոյսը կը մատուցանեն, երկիրը իր թագաւորական իշխանութեան ներքեւ բերելու Աստուծոյ խոստումին վրայ հիմնուելով։
◼ Անոնք կը ներկայացնեն այժմէական նիւթերու այլազանութիւն մը, որ կը հետաքրքրէ ամէն ենթահողի եւ մշակոյթի պատկանող անհատներ։
◼ Յօդուածները ամփոփ, դաստիարակիչ, իրապաշտ, նաեւ նախապաշարումներէ ու համակերպումներէ զերծ են։
◼ Գրաւիչ պատկերները անմիջապէս հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն, իսկ գրական պարզ ոճը պարբերաթերթերուն ընթերցանութիւնը կը դիւրացնէ։
4 Դիտարան–ը Լայնօրէն Բաշխեցէք. Պարբերաթերթերը ազդու կերպով բաշխելը մեծաւ մասամբ կախեալ է անձնական ներկայացումներ պատրաստելու մեր ժրաջանութենէն, մեր ժամանակը յայտագրելէն եւ քարոզչութեան մեր գործունէութիւնը կազմակերպելէն։ Գործնական թելադրութիւններ ներկայացուած են Սեպտեմբեր 1995–ի եւ Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին համարներուն մէջ, որոնք լաւ է որ վերաքաղ ընենք եւ կիրարկենք։
5 Պարբերաթերթերուն Լաւ Ծանօթացէք. Մինչ իւրաքանչիւր թիւ կ’ընթերցէք, խորհեցէք անհատի մը մասին որ պիտի գնահատէ անկէ օրինակ մը ունենալ։ Փնտռեցէք մասնայատուկ կէտեր կամ համարներ զորս կրնաք մէջբերել ձեր ներկայացումին մէջ։ Խորհեցէք հարցումի մը մասին, որ կրնաք հարցնել խօսակցութիւն մը սկսելու եւ նիւթին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար։
6 Ներկայացումը Անհատին Յարմարցուցէք. Պատրաստեցէք պարզ եւ դիւրաթեք ներկայացում մը, որ կրնայ յարմարցուիլ՝ տղամարդու, կնկայ, տարեցի, կամ պատանիի մը՝ ծանօթ կամ անծանօթ։
7 Դիտարան Ներկայացնելու Միշտ Պատրաստ Եղէք. Քանի որ պարբերաթերթերը պայուսակի մը կամ գրպանի մը մէջ կը բաւեն, կրնանք մեր հետ օրինակներ վերցնել, երբ կը ճամբորդենք կամ գնումի կ’երթանք։ Զանոնք ներկայացուցէք երբ կը խօսիք ազգականներու, դրացիներու, գործակիցներու, դասընկերներու կամ ուսուցիչներու հետ։ Ամէն շաբաթ մէկ օր տրամադրեցէք պարբերաթերթի վկայութեան համար։
8 Պարբերաթերթերուն Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերեցէք. Անոնք երբեք իրենց արժէքը չեն կորսնցներ։ Ժամանակը՝ անոնց բովանդակած պատգամին կարեւորութիւնը չի նուազեցներ։ Անշուշտ, եթէ մեր ունեցած բոլոր պարբերաթերթերը տեղաւորելու մասնաւոր ջանք թափենք, մեր դարակներուն վրայ հին թիւեր պիտի չկուտակուին։
9 Փողոցի Վկայութիւնը Ազդու Է. Ասիկա լաւագոյն կերպերէն մէկն է, պարբերաթերթերը մեծ թիւով մարդոց ներկայացնելու համար։ Հրատարակիչներէն ոմանք որոշ ժամեր խճողուած փողոցներու մէջ կը վկայեն, գնումի յատկացուած օրերուն։
10 Առեւտրական Թաղամասերը Արդիւնաբեր Են. Վաճառատունէ վաճառատուն վկայելու ընթացքին, շատ բացականեր չենք գտներ։ Առեւտրականներուն մեծամասնութիւնը քաղաքավար են եւ պարբերաթերթերը ուրախութեամբ կ’ընդունին։ Առեւտրական հաստատութեան համաձայն, յարմար յօդուածներ ներկայացուցէք։
11 Կանոնաւորաբար Պարբերաթերթեր Ստացողները Հաւանական Ուսումնասիրութիւններ Են. Քանի որ Դիտարան–ը ամսական պարբերաթերթ մըն է, յարմար է զայն կարդացող անհատներուն վերայցելել ու յաջորդ թիւը ներկայացնել։ Պէտք է կանոնաւորաբար վերայցելենք, ոչ միայն պարբերաթերթեր ներկայացնելու, այլ նաեւ՝ Աստուածաշունչին հանդէպ անհատին հետաքրքրութիւնը մշակելու համար։ Պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար ստացողները Աստուածաշունչի հաւանական հոյակապ ուսումնասիրութիւններ են։
12 Ապրիլ եւ Մայիս Ամիսները Լիովին Օգտագործեցէք. Դիտարան պարբերաթերթը միլիոնաւոր գնահատող ընթերցողներու վստահութիւնը շահած է։ Անիկա Թագաւորութիւնը ծանուցանելու համար ա՛յնքան ազդու է որ նպատակ պէտք է դնենք զայն մեր հետ կրելու եւ ամէն առիթով զայն ներկայացնելու։ Կը յուսանք որ Ապրիլ ու Մայիս ամիսները պարբերաթերթ բաշխելու ուշագրաւ ամիսներ ըլլան։