ԴԻՏԱՐԱՆՆ ՈՒ ԶԱՐԹԻ՛ՐԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆՔ
1 Դիտարանը եւ Զարթի՛րը ամենէն արժէքաւոր եւ ամենէն օգտակար պարբերաթերթերն են զորս մարդիկ կրնան ներկայիս կարդալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնց բովանդակած հոգեւոր ճշմարտութիւնները կրնան նպաստաւոր կերպով յաւիտենական ազդեցութիւն մը ունենալ մարդոց կեանքին վրայ։ Սակայն, շատեր իրենց հոգեւոր կարիքին լման կերպով գիտակից չեն կամ չեն գիտեր ո՛ւր դիմել անոր գոհացում տալու։ Մեր առանձնաշնորհումն է Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել, մարդոց օգնելով որ իրենց աչքերը բանան հոգեւոր գետնի վրայ։—Մատթ. 5։3. Գործք 26։18
2 Դրական Եղէք եւ Լաւ Կերպով Նախապատրաստուեցէք. Հաւանական է որ ձեր թաղամասին մէջ ոչխարանման մարդիկ կան որոնք ճշմարտութեան պիտի ընդառաջեն։ Ոմանք պարզապէս ազնիւ քաջալերութեան պէտք ունին որպէսզի պարբերաթերթերը կարդան։ Հետեւաբար, դրական եւ համոզիչ եղէք երբ Դիտարանն ու Զարթի՛րը կը ներկայացնէք։ Պարբերաթերթերու հաւաքածոյ մը ձեռքի տակ պահեցէք եւ ամէն առիթ օգտագործեցէք զանոնք բաժնելու, նոյնիսկ երբ ուրիշ հրատարակութիւններ կը ներկայացնէք։
3 Ի՞նչ բան կրնայ մեզ աւելի ազդեցիկ դարձնել պարբերաթերթեր բաժնելու մէջ։ Նախ, պէտք է մենք անոնց արժէքը իրապէս գնահատենք։ Պէտք է քաջածանօթ ըլլանք մեր առաջարկած պարբերաթերթերու յօդուածներուն հետ եւ ասիկա մեր վստահութիւնը ու եռանդը պիտի զօրացնէ զանոնք ներկայացնելու համար։ Այս գաղափարը ձեր միտքը պահեցէք մինչ սկզբնականօրէն զանոնք կը կարդաք։ Արթուն եղէք կէտեր ընտրելու ծառայութեան մէջ ցցուն ընելու համար։ Դուք ձեզի հարց տուէք. «Այս յօդուածը մասնաւորաբար որո՞ւ կոչ պիտի ընէ։ Կարելի՞ է որ տանտիկին մը, երիտասարդ մը կամ առեւտրական մը գնահատէ զայն։ Այս կէտը հետաքրքրական պիտի ըլլա՞յ աշակերտի մը, ամուսնացած անհատի մը, միջավայրին մասին մտահոգ եղողի մը համար»։ Որպէսզի իսկապէս ազդեցիկ ըլլանք, պէտք է կարող ըլլանք պարբերաթերթերը յանձնարարել մեր անձնական գիտութեան եւ անոնց այժմէական յօդուածներէն հաճոյք առնելուն հիման վրայ։
4 Հին Թիւերը Օգտագործեցէք. Յիշեցէք որ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը իրենց արժէքը չեն կորսնցներ, նոյնիսկ եթէ չեն տեղաւորուած իրենց թիւին թուականէն մէկ կամ երկու ամիս ետք։ Անոնց բովանդակած տեղեկութիւնները ժամանակի ընթացքին նուազ կարեւոր չեն ըլլար եւ պէտք չէ վարանինք հին օրինակներ ներկայացնելու եթէ լաւ վիճակի մէջ են։ Թոյլ տալը որ հին պարբերաթերթերը դիզուին եւ զանոնք բնաւ չգործածելը գնահատանքի պակաս ցոյց կու տայ այս արժէքաւոր գործիքներուն հանդէպ։ Իւրաքանչիւր պարբերաթերթ կը բովանդակէ ճշմարտութիւններ որոնք կրնան հոգեւոր ախորժակը բանալ ու գոհացնել։ Քան թէ հին թիւերը մէկ կողմ դրուին ու մոռցուին, աւելի լաւ չէ՞ որ մասնաւոր ճիգ թափուի զանոնք տեղաւորելու հետաքրքրուած անհատներու հետ։
5 Զարթի՛ր պարբերաթերթը շատերու օգնած է, որոնք սկիզբը հոգեւոր հակում չունէին, որ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից ըլլան։ Դիտարանը գլխաւոր գործիք մըն է Եհովայի ժողովուրդին հոգեւոր սնուցման յայտագրին մէջ։ Այս պարբերաթերթերը սիրուն կերպով իրար կ’ամբողջացնեն եւ կենսական դեր մը կը խաղան բարի լուրը քարոզելուն մէջ։
6 Մինչ ամէն առիթ կ’օգտագործենք պարբերաթերթեր տեղաւորելու, կրնանք լման վստահութիւն ունենալ անոնց ազդեցութեան հանդէպ թէ ոչխարանման անհատներու հոգեւոր կարիքին գոհացում պիտի տան։ Կ’ուզենք դրական կեցուածք մը պահպանել, լաւ նախապատրաստուիլ եւ ծառայութեան մէջ կանոնաւոր ըլլալ։ Որպէս բարի լուրի հրատարակիչներ, բոլորս ալ Դիտարանն ու Զարթի՛րը կանոնաւորապէս օգտագործենք։