ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԹԱՅԹՈՂ ԳԻՐՔԸ
1 Աշխարհը շշմեցուցիչ կերպով փոխուեցաւ անցեալ դարուն ընթացքին։ Թէեւ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ հաղորդակցութեան, բժշկական եւ փոխադրութեան մարզերուն մէջ, ընտանեկան կեանքին որակը հաստատօրէն վատթարացաւ։ Միլիոնաւոր անհատներ թոյլ կու տան որ առաջնորդուին մարդոց յարատեւ փոխուող փիլիսոփայութեամբ։
2 Այս աշխարհին մէջ որու կերպարանքը արագօրէն կը փոխուի, Եհովայի ժողովուրդը մեծապէս օգտուած է իր Խօսքին կառչելով։ Աստուածաշունչը անփոփոխ մնացած է հազարաւոր տարիներէ ի վեր եւ անոր խրատը տակաւին ամենագործնականն է գլուխ ելլելու համար մեր դիմագրաւած խնդիրներուն հետ։ Ինչպէ՞ս կրնանք հետաքրքրուած անհատներուն օգնել որ գնահատեն թէ Աստուածաշունչը իսկական առաջնորդութիւն կը հայթայթէ մեր ներկայ ժամանակին համար։
3 Եթէ վերայցելութեան ատեն տեղաւորեցիք «Ի՛նչու Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ» թերթիկը, կրնաք վերադառնալ ու ըսել.
◼ «Քանի որ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ թէ ինք Աստուծմէ պատգամ մըն է եւ թէ Աստուած մեր առջեւ յաւիտենական կեանքը դրած է եթէ Աստուածաշունչին ըսածին հաւատանք ու անոր համաձայն ապրինք, կը խորհի՞ք որ կ’արժէ աւելին գիտնալ այս արտայայտութիւններուն մասին։ [Մեկնելու առիթ տուէք։] Նկատեցէք ինչ որ Աստուածաշունչը կը գուշակէ ներկայ աշխարհի իրերու դրութեան նկատմամբ։ [Թերթիկին 5–րդ էջէն ուղղակի կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը։] Կը խորհի՞ք թէ այս նկարագրութիւնը կը յարմարի ներկայ աշխարհին։ [Մեկնելու առիթ տուէք։] Առողջ պատճառ կա՞յ ակնկալելու աւելի լաւ վիճակներ ապագային»։ Այն ատեն կրնաք հիմ դնել ուրիշ այցելութեան մը համար, խօսակցելով թերթիկին վերջին երկու պարբերութիւններուն մասին կամ գործածելով Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է գրքին 161–րդ էջը, ցցուն ընելով մարդկութեան համար Աստուածաշունչին վերապահած հոյակապ յոյսը։
4 Եթէ վերայցելութեան ընթացքին տանուտէրը հետաքրքրուած էր Աստուածաշունչին գործնական արժէքով եւ մասնայատուկ սկզբունքներ ցոյց տուած էիք «Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է» գրքին 12–րդ գլուխէն, կրնաք ըսել.
◼ «Մենք կը հետաքրքրուինք այն բաներով որոնք գործնական են մեզի համար այսօր, այդպէս չէ՞։ Արդեօք կը համաձայնի՞ք թէ պատերազմին վերջ մը դնելը գործնական պիտի ըլլայ։ [Մեկնելու առիթ տուէք։] Եթէ մարդիկ սորվին խաղաղութեամբ ապրիլ ուրիշ ազգերու պատկանող անհատներու հետ, ասիկա լաւ սկիզբ մը պիտի ըլլայ, այդպէս չէ՞։ [Պատասխանելու առիթ տուէք։] Աստուածաշունչը ճիշդ ասիկա գուշակած է։ [Կարդացէք Եսայեայ 2։2, 3–ը։] Հարց տուա՞ծ էք թէ ասիկա ի՛նչպէս եւ ե՛րբ պիտի կատարուի»։ Բացատրեցէք որ կը փափաքիք այս հարցումը աւելի նկատի առնել այն ժամանակ որ տանուտիրոջ յարմար է։
5 Միայն Աստուածաշունչը կը հայթայթէ այն առաջնորդութիւնը որու մարդը կարիք ունի։ (Երեմ. 10։23) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը միակ միջոցն է Անոր նպատակներուն մասին սորվելու եւ Անոր հաճութիւնը շահելու։ Հետեւաբար, թող որ փութաջանօրէն ուրիշները հրաւիրենք որ օգտուին անոր իմաստուն յորդորէն ու գործնական խրատէն։