ՁԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԻՄԸ ԴՐԷՔ
1 Ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելը աւելի դիւրին կ’ըլլայ երբ առաջին հանդիպումին ընթացքին յարմար հիմ մը դնենք։ Պատճառաբանել գիրքը կրնայ օգնել մեզի որ ասիկա ընենք։
2 Հետեւեալ ներկայացումը հիմնուած է Պատճառաբանել գրքի 10–րդ [13–րդ, Արբ.] էջին մէջ «Աստուածաշունչ/Աստուած» խորագրին տակ յիշուած երկրորդ բացումին վրայ։
Բարեկամական բարեւ մը տալէ ետք, ըսէք.
◼ «Կը նկատենք թէ երթալէն աւելի անհատներ այսօր անվստահ են թէ ո՛ւր կրնան գործնական լուծումներ գտնել ամէնօրեայ խնդիրներուն համար։ Նկատա՞ծ էք ասոր շիտակ ըլլալը։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մարդիկ սովորաբար Աստուածաշունչին կը նայէին օգնութեան համար։ Բայց հիմա շատեր կ’ըսեն թէ կասկածներ ունին։ Ինչպէ՞ս կը զգաք Աստուածաշունչին հանդէպ»։ Եթէ տանուտէրը սկեպտիկանութիւն արտայայտէ անոր վաւերականութեան հանդէպ կամ ընդունի թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, կարդացէք ու հակիրճօրէն բացատրեցէք Յովհաննու 17։17 եւ Բ. Տիմոթէոս 3։16։
3 Եթէ ձեր թաղամասին մէջ շատեր կան որոնք հաւատք չունին, իրենց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար փորձեցէք հինգերորդ բացումը որդեգրել Պատճառաբանել գրքի 10–րդ [13–րդ, Արբ.] էջին մէջ։
Կրնաք ըսել.
◼ «Ներկայիս աշխարհի մէջ եղած բոլոր հակասութիւններուն ի տես, շատ մը անկեղծ անհատներ դժուար կը գտնեն Աստուծոյ հաւատալ։ Կամ եթէ կը հաւատան անոր, չեն հաւատար թէ ան կրնայ մեր դիմագրաւած խնդիրները լուծել։ Ձեր կարծիքը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք ինչ որ գիտնականներ կ’ըսեն մարդուն, գիտութեան, եւ Աստուածաշունչին մասին»։ Ապա օրինակներ տուէք գործածելով Աստուածաշունչին Ինչո՛ւ Կրնաք Վստահիլ թերթիկը, էջ 3, պարբերութիւն 5։
4 Հարցումներ Յարուցէք Ձեր Յաջորդ Այցելութիւնը Հաստատելու Համար. Ծրագրեցէք որ ձեր առաջին հանդիպումը ըլլայ շարք մը պտղաբեր այցելութիւններու միայն սկիզբը։ Մի զգաք թէ պէտք է շատ մանրամասնութիւններ տաք. ոչ ալ պէտք է այնքան աճապարող ըլլաք որ տանուտէրը զգայ թէ իրմով անկեղծօրէն չէք հետաքրքրուած։ Տանուտիրոջ հետ խօսակցելէ ետք, հարցում մը յարուցէք որու մասին կարելի է յաջորդ այցելութեան մը ընթացքին խօսակցիլ։
5 Զոր օրինակ, կրնաք հարցնել. «Կը խորհի՞ք թէ Աստուածաշունչը բաւարար ապացոյց կը հայթայթէ վստահութիւն ունենալու ապագային նկատմամբ իր ըսածին հանդէպ»։ Ասիկա պիտի հաստատէ ակնարկուելիք կէտ մը վերայցելութեան համար, երբ կրնաք նկատի առնել Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է գրքի 9–րդ եւ 10–րդ գլուխները։
6 Եթէ տանուտէրը հարազատօրէն հետաքրքրուած է եւ կը թուի թէ ներկայացուած տեղեկութիւնները կը գնահատէ, կրնաք մատուցանել Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է գիրքը վերայցելութեան ընթացքին։
7 Եթէ իւրաքանչիւր տանուտիրոջ դիտենք որպէս հաւանական աշակերտ մը, պիտի ջանանք մեր փակման նշմարները գործածել վերայցելութեան մը համար հիմ դնելու։