ՎԵՐԱԴԱՐՁԷՔ ՄԱՐԴՈՑ ՕԳՆԵԼՈՒ ՈՐ ՍՈՐՎԻՆ ԻՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼ
1 Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը լոյս տեսնելէ ի վեր, աւելի քան 65 միլիոն օրինակներ 115 լեզուներով հրատարակուած են։ Շատեր որոնք այժմ Եհովայի ծառաներ են, Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները սորվեցան այս ընտիր գործիքին միջոցաւ։ Այս ամիս եւ յաջորդ ամիս կրնանք պատեհութիւնը ունենալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան այս օժանդակը տեղաւորելու կամ թաղամասին մէջ թերեւս հանդիպինք այն մարդոց որոնք արդէն գիրքը ունին։
2 Վերայցելենք Գիրքը Ունեցողները. Կարգ մը հրատարակիչներ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են ուշադրութեան յանձնելով բովանդակութեան ցանկը եւ հարցնելով հետաքրքրուող անհատին թէ ո՛ր նիւթը մասնաւորաբար զինք կը հետաքրքրէ։ Երբ տանուտէրը կ’ընտրէ նիւթ մը, առաջարկեցէք որ կարդայ գլուխը յաջորդ այցելութենէն առաջ։
3 Երբ կարելի է, պէտք է որոշ ժամադրութիւն մը տանք վերայցելելու։ Վերադառնալէ առաջ կ’ուզենք նախապատրաստուիլ տանուտիրոջ ընտրած գլուխէն մի քանի պարբերութիւններ նկատի առնելու։ Եթէ ան նախընտրութիւն մը չունէր, կրնանք սկսիլ առաջին գլուխը նկատի առնելով։ Մի քանի պարբերութիւններ քննելէ ետք, պէտք է հարցում մը յարուցանենք որու պատասխանը կը գտնուի յաջորդ մի քանի պարբերութիւններուն մէջ։ Անիկա պիտի ծառայէ որպէս ոտնաքար ուրիշ վերայցելութեան մը, երբ կրնանք շարունակել Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ուսումնասիրել։
4 Անշուշտ, եթէ տանուտէրը հարցումներ ունի, լաւագոյն բանն է նախ զանոնք նկատի առնել։ Մեծապէս հաւանական է որ անոր հարցումները պատասխանուած են գրքին մէջ։ Քաջածանօթ ըլլալով գրքին բովանդակութեան, կրնանք բանալ յարմար պարբերութիւնները եւ անոնց տեղեկութիւնները գործածել յարուցուած հարցումներուն պատասխանելու։
5 Վերայցելենք Թերթիկ Ստացողները. Թերեւս տանուտիրոջ տուած էինք Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ թերթիկը։ Երբ կը վերայցելենք, կրնանք նկատի առնել թերթիկին բացման պարբերութիւնները։
Եթէ տանուտէրը իրական հետաքրքրութիւն յայտնաբերէ, երբ 3–րդ էջին վրայ առաջին պարբերութեան վերջաւորութեան հասնինք ուր Սաղմոս 37։29–ն մէջբերուած է, կրնանք ըսել.
◼ «Այս խօսքերը ցցուն կ’ընեն ինչ որ բացատրուած է այս գրականութեան մէջ՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Նկատեցէք այս գաղափարը առաջին գլուխի 3–րդ պարբերութեան մէջ, ‘Ինչո՞ւ Կրնանք Հաւատալ’ ենթագլուխին ներքեւ»։ Ապա կրնանք 3–րդ պարբերութիւնը կարդալ, անոր վերաբերեալ տպուած հարցումը ուղղել եւ նոյն կերպով շարունակել 4 եւ 5–րդ պարբերութիւններուն հետ։ Ետքը կրնանք ըսել. «Վիճակները ներկայիս ինչո՞ւ այսքան ներդաշնակ չեն Աստուծոյ նպատակներուն հետ։ Յաջորդ մի քանի պարբերութիւնները ասիկա կը բացատրեն եւ կը փափաքիմ եկող շաբաթ այս ատեն վերադառնալ այդ հարցումին պատասխանը ձեզի տալու»։ Եթէ տանուտէրը իրական հետաքրքրութիւն յայտնաբերած է, կրնանք գիրքը ներկայացնել իրեն։ Կամ կրնանք որոշել որ այդ բանը ընենք մեր յաջորդ խօսակցութեան վերջաւորութեան։
6 «Յաւիտեան Ապրիլ» գիրքը ներկայացնելու համար, կրնանք ըսել.
◼ «Վստահ եմ որ պիտի վայելէք այս գրականութենէն ձեր անհատական օրինակը ունենալով։ Այն ատեն պիտի կարենաք առաջուընէ կարդալ ու այսպիսով մեր յաջորդ խօսակցութենէն աւելի օգտուիլ»։
7 Վերադառնալը մարդոց օգնելու որ սորվին ինչպէս կրնան յաւիտեան ապրիլ շատ կարեւոր գործ մըն է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն հրահանգեց որ ուրիշներուն սորվեցնեն ինչ որ ուսուցանուեցան։ Կ’աղօթենք որ Եհովա աւելի մշակներ հանէ։ Հետեւաբար, թող որ մեր բաժինը կատարենք հետաքրքրուած անհատները գտնելու եւ անոնց սորվեցնելու որպէսզի գործակիցներ ըլլան հունձքին մէջ։—Մատթ. 9։37. 28։19, 20